Լիբանանի ռակպիի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ շաբաթ, 21 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին մէջ (Ժունիէ) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ 24 ապրիլին վերոնշեալ մարզահամալիրին մէջ կատարուելիք տղոց եւ աղջկանց ռակպիի Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութիւններուն:
Նախապէս, այլ մրցաշարքերու ընթացքին, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը արձանագրած է բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ եւ կը նկատուի Միջին Արեւելքի մէջ զօրաւոր խումբերէն մէկը ունեցող կազմը:
Նշենք, որ Լիբանանի ռակպիի ֆետերասիոնի նախագահն է Ապտալլա Ժամմալ: