«Հայաստան չի փափաքիր փոխել Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակը», ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պնդած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` աւելցնելով, որ Երեւանի այս դիրքորոշումը այն գլխաւոր խոչընդոտն է, որ դէմ կը դնէ Արցախի տագնապի լուծման: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
ԹԱՍՍ-ի փոխտնօրէն եւ ծագումով պաքուեցի Միխայիլ Կուսմանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ալիեւ նաեւ նշած է. «Յայտարարութիւններու մակարդակով, Հայաստան կը պնդէ, թէ կը փափաքի բանակցութիւններ վարել: Սակայն, իրականութեան մէջ, անիկա զբաղած է զանոնք կեղծելով: Հայաստան ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի փակ շրջանակ ստեղծուի եւ այս ամէնը վերածուի անվերջ հոլովոյթի մը: Ասիկա ո՛չ մեզի համար ընդունելի է, ո՛չ ալ միջազգային հանրութեան համար»:
Ալիեւ ապա շեշտած է, որ Պաքուի համար ընդունելի տարբերակը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերուն կատարումն է, այսինքն` «հայկական ուժերու անյապաղ հեռացումը գրաւեալ տարածքներէն»:
«Ազրպէյճանական հողերու ազատագրումը առաջին քայլն է տագնապի փուլային լուծման ճամբուն վրայ: Այդ լուծումը պէտք է իրականացուի միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն հիման վրայ», յայտնած է Ալիեւ` կոչ ուղղելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւններուն, որ աւելի աշխուժ դիրքորոշում որդեգրեն Արցախի տագնապին նկատմամբ:
«Միջնորդական առաքելութեան լիազօրութիւն ունեցող Մինսքի խմբակը համանախագահող երկիրներու` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու պետութիւններու ղեկավարներուն մակարդակով, բազմիցս յայտարարուած է, որ ներկայ իրավիճակը անընդունելի է եւ պէտք է փոխուի: Մենք միանշանակօրէն համաձայն ենք այդ մօտեցումին եւ կը կարծենք, որ այդ յայտարարութիւնները շատ տեղին են: Միւս կողմէ, պէտք է գիտակցիլ, որ յայտարարութիւններէն աւելի շատ կարեւոր է տագնապի լուծումը», ըսած է Իլհամ Ալիեւ:
Խօսելով ազրպէյճանական բանակի վերազինման հոլովոյթին մասին` Ալիեւ յայտնած է, թէ այդ հոլովոյթը գրեթէ աւարտին մօտեցած է: «Միջազգային փորձագէտներու եւ կազմակերպութիւններու գնահատումով` Ազրպէյճանի զինուած ուժերը այսօր աշխարհի 50 ամենամարտունակ եւ լաւ սպառազինուած բանակներէն են: Մենք գործնականին մէջ աւարտած ենք մեր բանակի վերազինման հոլովոյթը: Այսօր մեր բանակը յագեցած է թէ՛ յարձակողական եւ թէ՛ պաշտպանողական բնոյթի ամէնէն ժամանակակից արհեստագիտութեամբ եւ ճշգրտութեան բարձր աստիճան ունեցող սպառազինութեամբ: Մենք սպառազինութիւն ձեռք կը բերենք աշխարհի լաւագոյն արտադրողներէն: Ձեռք բերուած այս սպառազինութիւնը մեզի ինքնավստահութիւն կու տայ», յայտարարած է Ազրպէյճանի ղեկավարը` աւելցնելով. «Յառաջիկային սպառազինութեան գնումը աւելի ընտրովի եւ յստակ բնոյթ պիտի ունենայ, միտուած` այս կամ այն խնդիրի լուծման»:
Իսկ խօսելով ռուս-ազրպէյճանական կապերուն ներկայ վիճակին մասին` Ալիեւ պնդած է, որ զանոնք ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի հասցնելը կարելի եղած է նախ եւ առաջ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր ունեցած անձնական լաւ յարաբերութիւններուն շնորհիւ:



