Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի յայտարարեց, որ «կտրականօրէն կը մերժենք թրքական ուժերու կողմէ իրաքեան սահմաններու որեւէ խախտում»` շեշտելով. «Թրքական ուժերը պէտք է հեռանան Պաաշիքայէն»:
«Դրացի որեւէ երկրի մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու համար որեւէ ուժի ներկայութիւնը պիտի չարտօնենք», նշեց ան:
Նշենք, որ Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ իր երկիրը Իրաքի հետ իր սահմանին վրայ շղթայազերծած է զինուորական գործողութիւններ` սահմանը «ահաբեկչական թաքստոցներէն» ձերբազատելու համար:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկուշաբթի օր յայտնած էր, թէ Թուրքիա հիւսիսային Իրաքի Սինճար գաւառին մէջ կրնայ շղթայազերծել զինուորական գործողութիւն մը` այդ շրջանը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներէն ձերբազատելու համար:
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին յայտնած էր, թէ Թուրքիան անհրաժեշտութեան պարագային հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական գործողութեան պիտի ձեռնարկէ:



