Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

22 Մարտ 1920.- Արցախ Ապստամբեցաւ Ազերիական Բռնագրաւման Սպառնալիքին Դէմ

March 26, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մարտ 22-ը հայոց յուշատետրին մէջ կը բանայ ուսանելի էջը ազերիական բռնագրաւման, եղեռնագործութեան եւ հայաթափումի լուծին դէմ Արցախի հայութեան պատմական առաջին ապստամբութեան:

1920 թուականի մարտ 22-ին Արցախի լեռնային թէ դաշտային բոլոր շրջաններուն մէջ հայութիւնը ընդհանուր ապստամբութեան ձեռնարկեց մուսաւաթական Ազրպէյճանի ձեռնարկած բռնագրաւման ու տիրապետական յարձակողականին դէմ:

1905-ին եւ 1918-ին ալ Արցախի տարածքին արիւնալի ընդհարումներ արձանագրուած էին հայերու եւ ազերի թաթարներու միջեւ: Երկու պարագաներուն ալ ռուսական եւ թրքական ծաւալապաշտական ախորժակները գրգռիչ դեր խաղացած էին` Անդրկովկասի մէջ հայեւթաթար կենակցութիւնը ազգամիջեան հակադրութեան, թշնամանքի ու արիւնահեղութեան անդունդը գլորելու առումով, տարածաշրջանը բաժնելու եւ տիրելու` մեծապետական հակակշռի տակ պահելու նպատակով:

Բայց 22 մարտ 1920-ի Արցախի հայոց ընդհանուր ապստամբութիւնը եկաւ նոր էջ բանալու ազգամիջեան ընդհարումներու արիւնալի այդ պատմութեան մէջ:

Առաջին անգամ ըլլալով Ազրպէյճան անունով հիմնուած թաթարներու մուսաւաթական պետութեան դէմ Արցախի հայութիւնը զինեալ ապստամբութեան դիմեց` ազերիական լուծը թօթափելու եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու որոշումով ու հաստատակամութեամբ:

Այդպէս, օդէն ինկած անակնկալ որոշում մը չէր Արցախի հայոց ապստամբութիւնը: Այսպէս կոչուած` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան 1918-ի «ստեղծման» օրերէն իսկ մուսաւաթական իշխանութիւնները հետեւողականօրէն յառաջ մղեցին հայապատկան այս երկրամասի տարածքին հայոց տիրական ներկայութեան ազգագրական քարտէսը փոխելու, հայերը կոտորելով եւ հեռացնելով` հայկական տարածքները յափշտակելու եւ իւրացնելու «ազգային մաքրազտումի» իրենց քաղաքականութիւնը:

Ազերի թաթարներու հայատեացութիւնը հրահրելով եւ խուժան ամբոխի միջոցով հայ բնակչութիւնը խժդժութեանց ենթարկելով` մուսաւաթականները քայլ առ քայլ յառաջ մղեցին այդ քաղաքականութիւնը: Հայերու դէմ պարբերական յարձակումները, սպանութիւնները եւ ալանթալանը մնայուն կենսակերպի վերածուեցան մուսաւաթական Ատրպէյճանի մէջ: Եւ որքան մօտեցաւ խորհրդային իշխանութեանց Անդրկովկասին «վերատիրանալու» պահը, այնքան կատաղի դարձան մուսաւաթականները` հակահայ իրենց «մաքրազտումի» քաղաքականութեան մէջ:

Ահա՛ այդ մթնոլորտին մէջ 19 փետրուար 1920-ին Ազրպէյճանի մուսաւաթական ղեկավար Սուլթանովը վերջնագիր ներկայացուց Արցախի Հայոց ազգային խորհուրդին` «շտապօրէն վերջնական լուծում տալու Արցախը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան անբաժանելի մասը ընդունելու հարցին»:

Արցախի Հայոց ազգային խորհուրդը 23 փետրուարէն մինչեւ մարտի 4-ը գումարեց իր 8-րդ համագումարը եւ որոշեց մերժել Սուլթանովին վերջնագիրը: Աւելի՛ն. համագումարի պաշտօնական պատասխանը դատապարտեց մուսաւաթական իշխանութիւնները, որ առանց Արցախի հայութեան Ազգային խորհուրդի հաւանութեան` ազերի զօրքեր մտցուցած էին հայկական տարածքներ եւ փետրուար 22ին լայնածաւալ խժդժութեանց` կոտորածներու եւ հրկիզման ենթարկած էին անզէն հայերն ու անոնց բնակավայրերը` Խանքենդի եւ Ասկերանի շրջաններուն մէջ, ինչպէս եւ` Շուշի-Եվլախ ճանապարհին:

Մինչ Սուլթանովի կառավարութիւնը կատաղօրէն հակազդեց համագումարի մերժողական պատասխանին եւ անմիջապէս պահանջեց Ազգային խորհուրդին լուծարումը` իբրեւ իրաւական եւ օրինական ոչ մէկ հիմք ներկայացնող մարմինի, Արցախի հայութեան կողմէ ընտրուած ներկայացուցչական մարմինը դիմեց դիւանագիտական յատուկ նախաձեռնութեան. Դաշնակից ուժերու դիւանագիտական լիազօրներուն, Անդրկովկասի երեք հանրապետութեանց դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն եւ Անդրկովկասի մէջ խորհրդային իշխանութեանց լիազօրի ներկայութեան, Ազգային խորհուրդը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Արցախի հայութիւնը պիտի պարտաւորուի ինքնապաշտպանութեան իր օրինական իրաւունքը զէնքով հաստատագրելու, եթէ մուսաւաթական իշխանութիւնները շարունակեն իրենց հակահայ «ազգային մաքրազտում»-ի քաղաքականութիւնը:

Այդպէ՛ս, Սուլթանովի կառավարութեան անդրդուելի կամակորութեան հակադարձելով` 22 մարտին Արցախի հայութիւնը պարզեց ընդհանուր ապստամբութեան դրօշը:

Ազերիները անշուշտ պատրաստուած էին եւ հայոց ապստամբական առաջին գործողութիւնները ռազմադաշտի վրայ պարտութեան մատնուեցան: Հետեւեցան լայնածաւալ ազերիական յարձակումներ: Շուշիի գլխաւոր մասը կազմող հայկական թաղերը քար ու քանդ եղան, հազարաւոր անզէն հայերու արիւն հեղեցաւ եւ հայկական տուներն ու խանութները կողոպտուեցան եւ կրակի տրուեցան® Աւելի քան հազար հայեր Շուշիի մէջ ձերբակալուեցան եւ բանտ նետուեցան:

Սկզբնական այդ պարտութենէն հերոսական Արցախի հայութիւնը արագօրէն վերականգնեցաւ: Բուռն կռիւներ մղուեցան Արցախի ամբողջ տարածքին եւ, հակառակ ազերիական կանոնաւոր զօրքի թուական ու ռազմական գերազանց ուժին, հայկական ուժերը կրցան ետ մղել Սուլթանովին բանակը եւ ազերի խուժանը:

Մինչեւ ապրիլի կէսերը շարունակուեցան զինեալ ընդհարումները: Զանգեզուր գտնուող Դրօ իր զօրամասերով հասաւ Արցախի օգնութեան եւ հայոց ապստամբութիւնը, գոնէ ժամանակաւորապէս, յաղթանակով պսակուեցաւ:

Իսկ այսօր վերանկախացեալ Արցախի հայութեան հետ ողջ հայաշխարհը կը տօնէ ազերիական լուծին դէմ Արցախի հայոց պատմական առաջին ապստամբութեան տարեդարձը: Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց պետական այրերուն հետ բոլորս այսօր կը վերանորոգենք ազգային մեր վճռակամութիւնը, որ` Ազրպէյճան ոչ մէկ իրական, իրաւական կամ պատմական հիմք ունի Արցախին վրայ տիրապետութեան իր լուծը պարտադրելու, իսկ հայ ժողովուրդը բնաւ պատրաստ չէ «սկուտեղի վրայ Արցախը հրամցնելու ազերիներուն»®

 

 

Նախորդը

Դիմաւորել 100-Ամեակը 11. Յառաջադէմ Ազգի Գիտակցութիւն Եւ Հպարտութիւն

Յաջորդը

Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով. Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան Ս. Պատարագ Մատուցեց Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.