Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըն Թրամփի Հետ Բանակցութիւններէն Առաջ Խոստում Մը Տուած Է

March 20, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարար Քան Կեն-հուան յայտարարած է, թէ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ըն խօսք տուած է հաւատարիմ մնալ ապահիւլէականացման հոլովոյթին, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ մայիսին տեղի ունենալիք կարեւոր հանդիպումին գլխաւոր նախապայմանն է:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Թրամփ համաձայնած էր Ընի հետ պատմական բանակցութիւններուն, որովհետեւ հարաւային քորէական կողմէն տեղեկացած էր, թէ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը պատրաստ է ձերբազատելու հիւլէական զինանոցէն, ինչպէս նաեւ դադրեցնելու հիւլէական ու հրթիռային փորձարկումները:

Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարը ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատմած է, որ Սէուլ դիմած է Փիոնկեանկին` խնդրելով յստակօրէն ձեւակերպել ապահիւլէականացման հոլովոյթը սկսելու պատրաստակամութիւնը, ինչին ի պատասխան Քիմ Չեն Ըն յայտնած է, որ «պատրաստ է»:

Քան Կեն-հուան ընդգծած է, որ հիւսիսային քորէացի ղեկավարը «խօսք տուած է», եւ ասիկա առաջին անգամն է, որ խոստումը անձնապէս անոր կողմէ տրուած է:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ հիւսիսային քորէացի բարձրաստիճան դիւանագէտներէն մէկը 18 մարտին հասած է Ֆինլանտա, որպէսզի Թրամփի եւ Ընի միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին հարցով բանակցի ամերիկացի եւ հարաւային քորէացի պաշտօնատարներու հետ:

Նախապէս Քիմ Չեն Ըն բացայայտած էր, որ 2011-ին կեանքէն հեռացած հօր` Քիմ Եունկ Իլի վերջին փափաքը հիւլէական զէնքէն հրաժարումն ու Քորէական թերակղզիի ամբողջական ապահիւլէականացումը եղած է:

Միւս կողմէ, ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը, վկայակոչելով անանուն ամերիկացի պետական պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետախուզական գերատեսչութիւնները Հիւսիսային Քորէայի հետ հաստատած են ոչ պաշտօնական կապ, որով կարելի է տեղեկութիւններու փոխանցում:

Պատկերասփիւռի կայանի զրուցակիցները յայտնած են, որ այս ուղղութեամբ գլխաւոր ջանքերը կը գործադրէ «Սի.Այ.Էյ.»-ը, իսկ գերատեսչութիւնը հանդէս կու գայ տեղեկութեան փոխանցման անմիջական ուղիի հաստատման օգտին:

Ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Մայք Փամէոն, որուն Թրամփ վերջերս արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակեց, հաւանութիւն կու տայ այս տիպի «լուռ դիւանագիտութեան», որ կը վարեն գաղտնի ուղիներով` շրջանցելով ՄԱԿ-ի հարցով արտաքին գործոց նախարարութեան հաստատած դիւանագիտական ուղին:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Եւ Իրան Կը Քննարկեն Կասպից Ծովուն Մէջ Նաւթահանքերու Միացեալ Մշակման Հարցը

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Դատապարտէ Սքրիփալի Թունաւորման Դէպքը Եւ Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Բրիտանիոյ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.