Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Թրքական Օդուժը Հասաքէի Մէջ Կը Ռմբակոծէ Քրտական Դիրքեր. «Ահաբեկիչները Վտարեցինք Աֆրինէն, Սակայն Մեր Առաքելութիւնը Չէ Աւարտած» Կ՛ըսէ Պոզտաղ

March 20, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ յայտնեց. «Ձիթենի ճիւղ» գործողութեան ուժերը ահաբեկիչները վտարեցին Աֆրին քաղաքէն, սակայն առաքելութիւնը տակաւին չէ աւարտած: Մեր դիմաց տակաւին շատ աշխատանք կայ»:

Պոզտաղ ընկերային ցանցի վրայ յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ քաղաքը պիտի ականազերծուի, ապա Աֆրինի շրջանի այլ մասեր եւս պիտի առնուին վերահսկողութեան տակ:

«Վերջ գտաւ ահաբեկիչներուն` Աֆրինի բնակիչներուն նկատմամբ գործած անիրաւութիւնն ու բռնութիւնը, եւ քաղաքի բնակչութիւնը այսօր ազատ է եւ պիտի ապրի խաղաղ ու կայուն մթնոլորտի մէջ», ըսաւ ան:

«Թուրքիան արագ քայլեր պիտի որդեգրէ, որպէսզի ահաբեկիչներէն ազատագրուած շրջաններուն մէջ կեանքը վերադառնայ իր բնականոն հունին, ենթակառոյցները նորոգուին եւ զարգանան, ինչպէս նաեւ սննդեղէնի ու բժշկական խնամքի մատակարարման ապահովման մէջ խնդիրներ չըլլան», յայտնեց Պոզտաղ:

«Աֆրինի վերահսկողութեան տակ առնուիլը կը նշանակէ, թէ դարձեալ պարտութեան մատնուած են ահաբեկչական կազմակերպութիւնները եւ անոնց աջակիցները, որոնք շրջանին մէջ նոր սադրանքներ կը հետապնդեն` օգտագործելով ահաբեկչական կազմակերպութիւնները», նշեց Թուրքիոյ կառավարութեան բանբերը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ռեճեփ Աքտաղ երէկ յայտարարեց. «Թուրքիան Աֆրինի մէջ պիտի չմնայ եւ շրջանը պիտի յանձնէ իր իսկական տէրերուն»:

Միւս կողմէ, սուրիական զինեալ խմբաւորումները երէկ հաղորդեցին, որ թրքական օդուժը ռմբակոծած է Հասաքէի հիւսիսարեւելեան գիւղական շրջանին մէջ Թալ Համիս քաղաքին արեւմուտքը գտնուող Ըմ Ռուս կայանին մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու դիրքեր:

Մինչ այդ, թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան մասնակից ուժերը Աֆրինի գիւղական շրջանի Ճոպաք գիւղին մէջ յայտնաբերած են ամերիկեան զէնքերու եւ զինամթերքի մեծ պահեստանոց մը:

Այդտեղ գտնուած ամերիկեան հազարաւոր զէնքերու եւ զինամթերքի շարքին են հակաօդային ու հակահրասայլային հրթիռներ, որոնց շարքին` «Թաու» տիպի, ինչպէս նաեւ հրասանդներ ու բազմափող հրթիռային համակարգեր:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Զինուորական գործողութիւնները պիտի շարունակուին Մընպեժի, Գամիշլիի եւ Այն Արապի մէջ»:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Դատապարտէ Սքրիփալի Թունաւորման Դէպքը Եւ Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Բրիտանիոյ

Յաջորդը

Դանիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Դէմ Յարձակում

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.