Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. 1918-ի Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը – Բ.

Մարտ 19, 2018
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Ժողովուրդը արդէն իմացած էր Խալիլ փաշայի այցելութեան (28 օգոստոս 1918, ՅՉ) մասին, եւ բարկացած բազմութիւն մը հաւաքուած էր Աբովեան պողոտայի երկու կողմերը: Երբ ինքնաշարժով այնտեղէն կ՛անցնէի, քանի մը տեղ կանգ առի եւ (ժողովուրդէն)  խնդրեցի, որ տգեղ ցոյցեր չընեն:

– Պատերազմը տակաւին չէ աւարտած,- ըսի,-  եւ մենք մեզ պէտք է ցոյց տանք հանգիստ եւ ժպտադէմ:

Ապա գացի Արամին մօտ, որ կը սպասէր զիս: Ժամը 10:00-ն էր արդէն: Գացինք (շոգեկառքի, ՅՉ) կայարան: Մուտքին մօտ արդէն կանգնած էին շուրջ հարիւր ձիաւորներ եւ շատ մեծ թիւով քաղաքացիներ:

ՀՅԴ Վասպուրականի Կ. կոմիտէ, ձախէն աջ` Տիգրան, Իշխան, Համազասպ Պ., Արամ, Սարգիս Բ. Եւ Մալխաս

Երբ կ՛անցնէինք քաղաքացիներու մօտէն, Արամը (անոնց, ՅՉ) ըսաւ.

– Հանգի՛ստ եղէք եւ ձեզ լաւ պահեցէք:

Յանկարծ աչքիս զարկաւ մեզմէ ոչ հեռու կանգնած Երեւանի (բնակիչ, ՅՉ) թուրքերէն երեք յայտնի դէմքեր, որոնք բռնած էին հացի եւ աղի ափսէն: Ուրեմն անոնք ալ կը սպասէին Խալիլին եւ պիտի ընդունէին զայն աղ ու հացով:

Բարկացած` Արամին ըսի. «Անոնք իրաւունք չունին այդպէս ընդունելու Խալիլը: Պէտք է զանոնք բանտարկեմ»:

Արամը չթոյլատրեց` ըսելով. «զգո՛յշ կեցիր»:

Այդ պահուն երեւցաւ գնացքը, որուն վրայ կային հայկական եւ թրքական դրօշակներ: Երբ գնացքը կանգ առաւ, սայլէն դուրս եկաւ քիչ մը տարեց, բայց երիտասարդի նման եւ երիտասարդի շարժումով գեղեցիկ տղամարդ մը, որ տեսնելով Արամին` սկսաւ գոչել.

– Վա՜յ, Արա՛մ ջան, եավրում  (մանկիկս, ՅՉ) Արամ…

Երեւանի գնացքի կայարանը 1918-ին                                              «Լոնտոն» պանդոկը, Երեւան 1920

Այդ պահուն վաշտապետը պատուի վաշտին հրաման տուաւ.

– Հանդա՛րտ, պատուի ա՛ռ,- եւ սկսան նուագել «Մեր հայրենիք»-ը:

Խալիլ անմիջապէս ուղիղ կանգնեցաւ եւ ձեռքը տարաւ գլխուն` զինուորական բարեւով: Անոր հետեւելով` (ընկերակցող, ՅՉ) բոլոր սպաները նոյնը ըրին:

Ապա նուագուեցաւ տաճկական քայլերգը:

Նուագի աւարտին Արամը եւ Խալիլը ողջագուրուեցան: Այդ պահուն Խալիլը մօտեցաւ այն երեք թուրքերուն, որոնք եկած էին իրեն աղ ու հաց ներկայացնելու եւ սոսկալի բարկացած` ըսաւ.

– Թուրք էք, բայց երեւանցի էք, ուրեմն պէտք է հպատակիք Երեւանի իշխանութեան, բայց` ոչ ինծի: Կորսուեցէ՛ք:

Արամը ցած ձայնով ըսաւ ինծի.

– Տեսա՞ր, աւելի լաւ չեղա՞ւ, որ ատոնք չբանտարկեցիր:

Խալիլ կայարանէն դուրս գալով` մտաւ իրեն յատկացուած ինքնաշարժը: Կողքին նստաւ Արամը: Իսկ ես ինքնաշարժովս առջեւէն կ՛առաջնորդէի զանոնք:

Խալիլ փաշայի առաջին խօսքը եղաւ, որ կը փափաքի ներկայանալ սպարապետ Նազարբէկեանին եւ իր յարգանքը մատուցել այդ մեծ զինուորականին:

Արամը իր հաճութիւնը յայտնեց եւ անմիջապէս հեռաձայնեց սպարապետին:

Կէս ժամ ետք Խալիլ փոխեց իր հագուստը, հագաւ զինուորականի իր համազգեստը, եւ մենք զայն առաջնորդեցինք սպարապետին նոր բնակարանը: Ուղեկիցներն էին` Արամը, բարձրաստիճան սպաներ ու ես:

Տան առջեւ կանգնած էին արդէն երկու պահակներ, որոնք զինուորական պատիւով բարեւեցին հիւրը` հրացանները շարժելով, այնպէս մը, որ Խալիլը հիացմունքով «Պռաւօ» ըսաւ պահակներուն:

Ներս մտանք դահլիճ: Այնտեղ սպարապետը իր հսկայ հասակով, աթոռի մը կրթնած, զարմանալի գրաւիչ դէմքով կանգնած էր: Խալիլ անոր նայեցաւ, երկու քայլ յառաջացաւ եւ ձեռքը գլխին զինուորական բարեւ տալով` ըսաւ.

«Ձերդ բարձր գերազանցութիւն, երջանիկ եմ, որ կ՛ընդունիք զիս այսպէս: Երջանիկ եմ, որ այսօր ինծի յաղթողին ձեռքը կը սեղմեմ» (Դիլմանի ճակատամարտ, 17-18 ապրիլ 1915, Ուրմիոյ շրջան, Սալմաստ գաւառ, օսմանեան զօրքը Խալիլի հրամանատարութեամբ, պարտուեցաւ` տալով 3500 մեռեալ (5), ՅՉ):

Զօրավար Անդրանիկ Ա. Գունդի կամաւորներով                           Արամի փողոցը1910-ին

Նազարբէկեան ամչնալով` հազիւ կրցաւ ըսել.

– Նստէք, զօրավա՛ր: (Լուսաբանուելիք, ՅՉ) Խնդիր մը ունիմ ձեզմէ: Դիլմանի ճակատամարտի ժամանակ, լուսաբացին (18-19 ապրիլ, ՅՉ) դուք սկսաք նահանջել: Ես հրաման տուի զօրքերուս ձեզի հետեւելու, իսկ հեծելազօրքին եւ Անդրանիկին (նաեւ Մախլութոյին` զօր. Սմբատ Բարոյեան, ՅՉ) հրամայեցի, որ ճամբան կտրեն եւ գերի բռնեն հրամանատարը եւ սպայակոյտը: Բայց զարմացայ, որ հակառակ անմիջապէս ձեզի հետեւելնուն` ձեր հետքը կարելի չեղաւ գտնել: Այդ ի՜նչ հսկայական նահանջ կատարած էք, որ կարելի չեղաւ ձեր ետեւէն հասնիլ:

Սպարապետին այս խօսքը թարգմանելու ժամանակ Խալիլի դէմքը աւելի պայծառացաւ եւ ըսաւ.

– Ձերդ գերազանցութիւն, թրքական առած մը կայ, որ  կ՛ըսէ. «Քաչմաքտա պիր իյիտլիք տիր» (փախչելու ժամանակ մէ՛կ լաւութիւն կայ, ՅՉ): Այնպէս որ, գոնէ փախչելու ժամանակ այդ իյիտլիքը (լաւութիւնը` արագութիւնը, ՅՉ) ցոյց տուի: Կրկին կը յայտնեմ իմ գոհունակութիւնս եւ թոյլ տուէք, որ յաղթողին ձեռքը սեղմեմ: Գիտէ՞ք` ինչպէս կ՛անուանեն ձեզ` «Տեմիր (երկաթ) փաշա»:

Նազարբէկեանը խնդաց եւ ըսաւ.

– Շատ քաղաքավար էք: Փոքրիկ ճշդում մը ձեր ըսածին, որ պակասաւոր է: Պէտք էր ըսէիք` «Քէօր (կոյր) Տէմիր փաշա»:

Ներկաները չէին կրնար իրենց խնդուքը զսպել: Ասոր հետեւեցաւ ոչ զինուորական խօսակցութիւն, թէ` ի՞նչ տպաւորութիւն ունեցաւ Երեւանի մասին եւ այլն: Բնական է` Խալիլ ըսաւ. «Շա՛տ լաւ»:

Զօրավար Նազարբէկեան իր հայ եւ ռուս սպաներուն կեդրոնը       Վանի ինքնապաշտպանութիւնը 1915-ին

Վերադարձանք իրենց յատկացուած շէնքը: Դրան առջեւ կանգնած սպաներէն մէկը էջմիածինէն հասած հեռագիրը յանձնեց ինծի: Այդ` պատասխանն էր Արամին ու իմ հեռագիրին Խալիլ փաշայի եւ գերման զօրավարի կաթողիկոսին կողմէ ընդունելութեան մասին: Վեհափառը համաձայնած էր ընդունիլ զանոնք, յաջորդ օր, ժամը 11-ին, եւ կը հրաւիրէր նաեւ մնալու ցերեկուան ճաշին:

Հեռագիրը ներկայացուցի Արամին, որ քովս էր: Ուրախութեամբ համաձայնեցաւ եւ հրաւէրը յայտնեց Խալիլին, ինչպէս նաեւ` գերման զօրավարին եւ աւստրիական զօրքի ներկայացուցիչ Ֆէօզընթալին:

Արամը եւ քանի մը գործիչներ նախարարներուն հետ յատուկ խորհրդակցութեան սկսան, իսկ մենք մեր զինուորական պարտականութիւնը աւարտած սեպելով` մեկնեցանք:

Ամբողջ օրը ուշադիր կը հետեւէի, որ որեւէ գրգռութիւն տեղի չունենայ: Այդ գիշերները բոլորովին անքուն էի: Հերթապահ սպաներուն զեկուցումները կ՛ընդունէի եւ հրամաններ կ՛արձակէի:

Հիմա, երբ ժամանակը անցած է, կարելի է արտայայտուիլ այդ մասին: Ունէի զինուոր տեղեկատուներ, որոնց մէջ երկու եղբայրներ` Սսոն եւ Արմէնը, յայտնի զուռնաճիներ (զուռնայ նուագողներ, ՅՉ): Քէֆերու (խրախճանք, ՅՉ) ժամանակ անոնք աւելի շատ տեղեկութիւն կը հաւաքէին, քան` զինուորական գրասենեակը: Կարմիր շապիկ Նիկոլը եւ անոր չորս ընկերները նաեւ մաս կը կազմէին տեղեկատուներու խումբին:

Զարմանալին այն էր, որ անոնց մէջ նաեւ կար Ճաֆար անունով թուրք մը, որ ինծի կու տար մասնաւոր տեղեկութիւններ. ես աւելի կը հաւատայի անոր: Անոր հայրը եւ մեծ հայրը նաե՛ւ կնոջս ծնողներուն` Մելիք Սահակեաններուն հաւատարմօրէն ծառայած են:

Այդ գիշեր մեր բոլոր տեղեկատուները գործի վրայ էին ամբողջ քաղաքին մէջ:

Յաջորդ օր, ժամը 10-ին, մեկնեցանք (դէպի, ՅՉ) Էջմիածին: Մեր շքերթին մաս կը կազմէին` Արամը, գնդապետ Վէքիլեանը, Խալիլ փաշան` իր աւստրիացի թիկնապահին հետ, գերման զօրավարը` իր երկու սպաներուն հետ եւ աւստրիական (զօրքի) ներկայացուցիչ ֆէօզընթալը:

Երեւանի Ղանթարի շուկան 1910-ին, ձախին` Ս. Գէորգ եկեղեցին` 1900-1939 Ամիրեան փողոց, քանդուած է սովետական իշխանութիւններու հրամանով, այժմու Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոցի վայրը. աջին` կապոյտ մզկիթը

Էջմիածին հասանք 10:45-ին: Վեհարանին առջեւ կանգնած էին կաթողիկոսին շաթիրները (գաւազանակիրները, ՅՉ), որոնք զինուորական պատուոյ պահակները կը փոխարինէին:

Առաջին ընդունողը եղաւ Տիրայր սրբազանը: Բարձրացանք վեհափառին քով: Փառահեղ դէմքով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը բազկաթոռին վրայ նստած էր:

Նախ մօտեցաւ եւ ներկայացաւ գերման զօրավարը եւ ըսաւ.

«Վեհափա՛ռ տէր, ես անչափ երջանիկ եմ այսօր, որ կը տեսնեմ ձեզ` իբրեւ հայրը բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիներուն, վասնզի ձեր ժողովուրդին եկեղեցին աշխարհի վրայ ամենահինն է»:

Անոր հետեւեցաւ Խալիլը: Ես կը նայէի կաթողիկոսի դէմքին եւ զարմացայ, որ ինչպէ՜ս անոր աչքերուն արտայայտութիւնը փոխուեցաւ դառնութեան եւ բարկութեան: Չեմ յիշեր, թէ Խալիլ ի՛նչ ըսաւ:

Կաթողիկոսը խնդրեց ճաշի մնալ, իսկ մինչեւ ճաշ, եթէ հիւրերը կը փափաքին, կրնան այցելել տաճարը եւ թանգարանը:

Երբ այցելեցին լիճին ափը, անոր շուրջը ծառերուն տակ կային ահագին թիւով հայ գաղթականներ: Սարսափելի էր անոնց տեսքը: Անոնք մեր վրայ ուշադրութիւն չէին դարձներ: Հայկական պատիւը եւ ամօթխածութիւնը դառնօրէն նկատելի էր անոնց հպարտ դէմքերուն, արհամարհանքի խոր զգացումով: Կը խոստովանիմ, որ այդպիսի դէմքեր բնաւ չեմ տեսած:

Վերադարձանք վեհարան: Ճաշասենեակին մէջ սեղանապետը հրաւիրեց իւրաքանչիւրը իր տեղը գրաւելու: Կաթողիկոսը նստած էր ճակատին, աջին նստաւ գերման զօրավարը, քովը` աւստրիոյ ներկայացուցիչը. ձախ կողմը Խալիլը, քովը` Արամը:

Դիւանապետ Տիրայր սրբազանը գիտէր զանազան եւրոպական լեզուներ` անգլերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն ու խօսակցութիւնը կը վարէր:

Ճաշը շատ լաւ անցաւ, Խալիլն ու գերման զօրավարը հիացած էին ափսէներուն եւ սեղանի սպասներուն, որոնց վրայ դրոշմուած էր Ս. Էջմիածինի նկարը, քովը գրուած` «Նորին կայսերական վսեմութիւն Նիքոլայ Բ.-էն նուէր Ամենայն Հայոց վեհափառ կաթողիկոսին»:

Կաթողիկոսը (նկատելով այս, ՅՉ) հարցուց` «Այս սպասները հաւնեցա՞ք», գերման  զօրավարը պատասխանեց` «Այո՛, շատ»: Կաթողիկոսը շարունակեց. «Ըստ աւանդութեան, իւրաքանչիւր թագաւոր, որ նոր Կաթողիկոսի ընտրութեան առթիւ Փեթերսպուրկէն (Էջմիածին, ՅՉ) կ՛այցելէր, անոր կը նուիրէր չորս ձիով քշուող մէկ կառք սպասեղէն եւ այլ նուէրներ»:

Ապա Խալիլին հարցուց. «Հաւնեցա՞ք Էջմիածինի շրջակայքը, մանաւանդ լիճին տեսարանը: Տեսա՞ք անթիւ հայ գաղթականները, որոնք ձեր քաղաքացիներն են: Շնորհակալ եմ, որ գոնէ այսքանն ալ մնացած է»:

Տիրայր սրբազանը դժգոհ էր: Այդպիսի բան կարելի՞ էր ըսել հիւրին: Կաթողիկոսը նկատելով այս` խիստ շեշտով ըսաւ. «Թարգմանէ՛ այն, ինչ որ կ՛ըսեմ»:

Երբ թարգմանուեցաւ, Խալիլ շատ յուզուած էր: Որպէս զի խօսակցութիւնը փոխէր, ըսաւ. «Ձեր կենացը կը խմեմ Վեհափառ տէր, հրաշալի գինի է»:

«Դեռ աւելի լաւը կայ, երբ ժամանակը գայ, Տիրայր սրբազանը կը հրաւիրէ ձեզ այդ միւս գինիէն խմելու»:

Խօսակցութիւնը փոխուեցաւ սովորական նիւթերու: Սպասաւորները բերին Էջմիածինի պտուղներէն դեղձ, ծիրան եւ այլն, նաեւ` անուշեղէն եւ փոշիով ծածկուած ճերմակ գինիի շիշեր:

Տիրայր սրբազանը ըսաւ. «Քիչ առաջ վեհափառին ակնարկած գինիներէն են, որ 35 տարուան հնութիւն ունին` Էջմիածինի մառաններուն մէջ պահուած»:

Գերման զօրավարը շատ քաղաքավար կերպով իր շնորհակալութիւնը եւ զգացումները յայտնեց, նոյնպէս` Խալիլ, որ աւելցուց. «Աստուած տայ, որ հայ ժողովուրդը վերականգնի, որովհետեւ ձեր ժողովուրդը ես մօտիկէն կը ճանչնամ` իբրեւ շինարար եւ աշխատասէր տարր»:

Վերադարձանք Երեւան:

17 փետրուար 2018
(Շար. 2)

————–

(3) «Արամը», հրատարակութիւն` ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, տպարան «Համազգային», Պէյրութ, էջ 495-507:
(4) «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 7-րդ հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1979, Պէյրութ, էջ 335-336,
145-146:
(5) ( https://en.wikipedia.org/wiki/Battle_of_Dilman )

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Հատուցման Խնդիրները` Համահայկական Օրակարգի Նիւթ

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմաւորումը Պաթումի Պայմանագիրը

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Comments 1

  1. Յարութ չէքիճեան says:
    7 years ago

    «աւստրիական զօրքի ներկայացուցիչ Ֆէօզընթալին:» Շահխաթունին վրիպած է պէտք է ըլլայ «Ճորճ Ֆրայհըր վոն Ֆրանքընշթայն» տես՝ ( https://en.wikipedia.org/wiki/Georg_von_und_zu_Franckenstein )

    Reply

Leave a Reply to Յարութ չէքիճեան Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?