Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Ճանապարհ Գիրքեր, Ճանապարհ Բարի

March 19, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Մեր կեանքի ընթացքին շատ բաժանումներ տեսած ենք, բարի ճանապարհ մաղթած ենք մարդոց` սիրելիներու, ընկեր-ընկերուհիներու, հարազատներու: Բոլոր բաժանումները, իրենց դառն եւ ուրախ զգացական  աշխարհին հետ, հասարակաց գիծ մը ունին… Բոլորն ալ բարի կամեցողութեան վրայ կառուցուած են: Բաժանումէն ետք, բարի մաղթանքներով կը յուսանք, որ հեռացողը աւելի լաւ «տեղ» մը կ՛երթայ:

Մեր բաժանումը տարբեր էր… մարդ չէր, որ ճանապարհ պիտի դնէինք:

Բարի ճանապարհ պիտի մաղթէինք գիրքերո՜ւ, ՀԱՅԵՐԷ՜Ն ԳԻՐՔԵՐՈՒ…

Այս «անշունչ առարկաներ»-ով սնած ու մեծցած էինք, դաստիարակուած էինք, զանոնք շնչած էինք, ապրած էինք,  երեւակայութեան աշխարհներ ճամբորդած, հրճուած, յուզուած եւ հպարտացած էինք անոնցմով: Հարազատութիւն մը ստեղծուած էր մեր եւ այս «անշունչ» իրերուն միջեւ:

Բայց ինչպէս Սողոմոն Իմաստուն կ’ըսէ` ամէն ինչ իր ժամանակը ունի: Մենք ալ ժամանակի «նաւակին» մէջ տարուբերող էակներ ենք` յարմարելու անոր պարտադրած քմահաճոյքներուն:

Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնը վաճառուած է: Բոլոր իրերը, կահ-կարասիները  պէտք է դուրս հանուին նախքան նոր տէրերու մուտքը շէնք: Այդ դուրս դրուող իրերուն ամէնէն էականը ՀԱՅ ԳԻՐՔն էր:

Բայց հայ գիրքը պէտք չէ որբանայ: Ան միշտ հոգատար ծնողի, որդեգրողի պէտք ունի:  Երբ հայ գիրքը որբանայ, ազգի մը անկումի ախտանշաններն են, որ կը բացայայտուին:

Որբութենէ ազատելու մտահոգութիւնը կլանած է բոլորս: Տուն մը, վայր մը, հոգատար շունչերու որոնումը մեր մտահոգութեանց կեդրոն է:

Իրենց մէջ արիւն ու քրտինք պարփակած, մարդկային միտք ու հոգի ամբարած այս «անշունչ» էակները  վաղը ճամբայ պիտի ելլեն Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնէն ՆՈՐ ՏՈՒՆ մը, ՆՈՐ միջավայրի մը`  շարունակելու իրենց առաքելութիւնը:   Նոր սերունդեր պիտի այցելեն իրենց: Նոր սերունդներ պիտի սորվին, ոգեւորուին անոնցմով: Պիտի գուրգուրան անոնց վրայ: Պիտի չձգե՛ն,որ փոշիներու տակ ցեցոտին… որբանան: Անոնց պիտի այցելեն թէ՛ մատշաղ, թէ՛ հասուն սերունդները:

Պատմակա՞նը մեր գրադարանին եւ անոր մէջ կայք հաստատած մեր գիրքերուն:

Նիւ Եորքի Համազգայինի գրադարանը հարիւր տարուան պատմութիւն մ’ունի:

Եղեռնէն ճողոպրած եւ Ամերիկա հաստատուած առաջին սերունդը, հասկցաւ եւ գնահատեց Հայ Գիրքի ոգիի՛ն ուժը, անկէ բխած հոգիներ լուսաւորող կենարար ճառագայթը: Նիւ Եորքի ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէութիւնը իր հաստատման առաջին օրէն կազմեց իր գրադարանը` հաւաքելով, մէկտեղելով եւ կորուստէ փրկելով այբուբենի սիւներով կազմուած հայ մտքի տաճարները: Նիւ Եորքի նման կլանող միջավայրի մը մէջ, մեր յարգարժան ընկերները Լեքսինկթըն պողոտային վրայ համեստ սենեակ մը վարձած էին, որուն մէկ պատը ծայրէ ծայր կը զարդարէին հայերէն գիրքերը:

Սակայն, ինչպէս միշտ, ժամանակը աւելի արագ  կ՛ընթանայ, քան` անոր պահանջներուն յարմարիլը հայուն կողմէ:

Այս անգամ, գիրքերը Լեքսինկթըն պողոտայէն տեղահան եղան  իրենց տէրերուն պէս… Պէտք էր տեղափոխուէին: Եւ եկան ծուարելու Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ առաջին յարկի սենեակը: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ կը մտաբերեմ «ծիծեռնակը բոյն է շինում եւ շինում է եւ երգում, ամէն մի շիւղ կպցնելիս առաջուան բոյնն է յիշում…» երգի բառերը:

Արմատախիլ եղող օրհնեալ սերունդը դէմ յանդիման կը գտնուէր կեանքի անողոք իրականութեան դէմ… Վերջին դարու վաթսունական եւ եօթանասունական թուականներուն այդ սերունդը իր դիմադրական վերջին  շարքերուն հասած էր: Կեանքի ալիքներուն դէմ ճակատամարտին յաղթանակը  ժամանակի՛ն կը պատկանէր այլեւս: Սակայն կորուստէ փրկեր էին իրենց վստահուած գիրն ու գրականութիւնը:

Յիսո՜ւն տարի, յիսո՛ւն տարի գուրգուրանքով պահուած գիրքերը այս անգամ նոր պատսպարան կ’որոնէին:

Բարեբախտաբար ՀՅԴ-ի եւ ՀՕՄ-ի ճիգերով գնուեցաւ Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնը: Այս անգամ Նիւ Եորքի Համազգայինին վստահուեցաւ գիրքերուն պահպանումը: Սերնդափոխութիւնը ժամանակին տեղի ունեցած էր: Եւ Հայ կեդրոնին մէջ պատկառելի դասաւորումով մը գիրքերը քով-քովի հպարտօրէն շարուեցան: Անոնց եկան միանալու նոյն թիւով նոր գիրքեր: Հինն ու նորը նոր մտերմութիւն մը ստեղծեցին:

Հետաքրքրական էր պատկերը: Գունատած, դեղնած հին գիրքերուն քովիկը եկան նոր, ճերմակ էջերով գիրքերը` բարեկամական, զօրակցական պայծառ պատկեր մը  ներկայացնելով: Ուշադիր աչքէ չէր կրնար վրիպիլ հինի ու նորի միաձուլումը, մէջք-մէջքի տալը, ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆԸ:

Յիսուն տարի ետք գիրքերը պատմութեան նոր փուլ մը կը մտնէին: Որբ չէին: Հոգատար ձեռքերու մէջ էին:

Նիւ Եորքի Համազգայինի գրադարանը դարձաւ այն վայրը, ուր մարդիկ իրենց գիրքերը վստահեցան` պահ դնելու համար ապագային համար:

Յիսնամեակ մը շարունակ Նիւ Եորքի Համազգայինը որդիական ամենաազնիւ կեցուածքը ցուցաբերեց գիրքերուն նկատմամբ, այդ հիմնաւորուած էր սկզբունքի մը վրայ` ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՏԱՄՔԻ՛Ն:

Բայց… դարանակալ ժամանակը յորձանուտ ովկեանի մը նման, ժանիքները սրած, այս անգամ ափ կու գար… առաջին թիրախը հայոց լեզուն էր եւ անոր հետ հարազատօրէն առնչուող եւ մերուող Հայ Գիրքը:

Նորէն տնահան պիտի ըլլային գիրքերը:

Նիւ Եորքի Համազգայինը մտահոգուած գիրքերու ապագայով` անոնց նոր տուն որոնեց: Տուն մը, որ ըլլար հարազատ, ոչ միայն որպէս վայր, այլ` որպէս հոգեւոր եւ ոգեւորող տուն: Տեղ մը, ուր գիրքերը գտնէին իրենցմով հետաքրքրուող մարդիկ: Տեղ մը, ուր հայոց լեզուն կենդանի ներկայութիւն էր, տեղ մը, ուր մարդիկ հայերէն կը խօսին, հայերէն կը մտածեն, հայերէնով կ՛ոգեւորուին եւ հայերէնով կ՛աճին ու կ՛ուռճանան: Տեղ մը, ուր գիրքերու բովանդակութիւնները պատմութեան շղթաներ կրնան ըլլալ` շաղկապելու անցեալը, ներկան ու ապագան:

Այդ իսկ մտահոգութիւններով կապեր հաստատուեցան Արցախի կրթական նախարարութեան հետ` Ստեփանակերտի համալսարանի եւ յարակից կրթական օճախներուն մէջ պահ դնելու գիրքերը` որպէս աւանդ յաջորդ սերունդներուն համար:

Տեսնելու էր Նիւ Եորքի համազգայնականներուն եւ գրասէր բարեկամներուն գուրգուրանքը, երբ գիրքերը հոգատարութեամբ կը զետեղուէին արկղներու մէջ: «Յիսուն փաունտը չանցնի», կը յուշէին մէկզմէկու: Եւ այսպէս, երբեմնի դարաններու մէջ զինուորներու պէս շարուած գիրքերը կը զետեղուէին 50 արկղներու մէջ, կը պատրաստուէին նոր ճամբորդութեան մը… դէպի հայրենիք… Արցախ:

Ապագայի պատմաբանը պիտի նշէ գիրքերուն պատմութիւնը` ըսելով. «Յիսուն տարի ՀՅԴ, յիսուն տարի Համազգային, մնացեալ ՅԻՍՈՒՆՆԵՐԸ` Արցախ… Յաւերժութիւն…»:

Թափառիլը աւարտած է..

Գիրքերը արկղներու մէջ քով-քովի շարուած, ուրբաթ, մարտ 8-ին, կ. ե. ժամը 4:00-ին

Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնէն ճամբայ ելան դէպի նաւահանգիստ, անկէ` ՆՈՐ եւ վերջնական ՀԱՆԳՍՏԱՐԱՆ…

ԲԱՐԻ ՃԱՆԱՊԱ՛ՐՀ, ՍԻՐԵԼԻ՛ ԳԻՐՔԵՐ… ՃԱՆԱՊԱ՛ՐՀ ԲԱՐԻ…

 

Նախորդը

Եզակի Ժողովուրդին Եզակի Հայրենիքը

Յաջորդը

Ստեր` Առանց Սահմանների

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.