Միացեալ Նահանգներ այցելող Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի հայ անդամներու պատուիրակութիւնը 8 մարտին արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ հանդիպում մը ունեցած է նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով առաջին փոխտեղակալ Էլիզապեթ Միլըրտի հետ:
Պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերային եւ բարեկամական կապերու առաւել աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութեան անդամները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարին գծով իրականացուող բարեփոխումներուն, դատական իշխանութեան անկախութեան ապահովման վերաբերող քայլերուն եւ շարք մը այլ հարցերու: Անոնք նաեւ անդրադարձած են Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման հեռանկարներուն եւ ընդգծած Ամերիկայի կարեւոր դերակատարութիւնը` շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման մէջ:
Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգն ու շրջանային անվտանգութեան առնչուող այլ հարցեր:



