Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ 6 մարտին Արցախի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:
Հանդիպումին միտքեր փոխանակուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն եւ սահմանագիծին մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ:



