Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 6 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց կազմը կը մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ:
Կիսաւարտականի այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ (Պաուշրիէ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը` այս կարեւոր մրցումին:
Այս մրցումին յաղթականը աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Անդրանիկ Պէյրութը: