Շաբաթ, 10 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Լիբանանի Այքիտոյի ֆետերասիոնը յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Լուէյզի ակումբին մէջ (Զուք Մոսպեհ), յատուկ վկայագիրներ պիտի յանձնէ բոլոր անոնց, որոնք նախորդ տարի մարզիչի քննութիւններ տուին եւ ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած բազմաթիւ ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն ներկայ գտնուեցան: Անոնց թիւը 10 է:
Այդ 10-ին կարգին է հայ մը` Յակոբ Ռուսիալեան, որ Էլի Պաաքլինիի, Պիլալ Մասրիի, Ռապիհ Այուպիի, Միլետ Մանսուրի, Ժորժ Ֆրանսիսի, Ռոլան Իտի, Սելիմ Սուրիի, Ժատ Ժըրժեսի եւ Մարուն Ֆախրիի հետ միասին պիտի ստանայ իր յաջողութեան վկայագիրը:
Կը շնորհաւորենք Յակոբ Ռուսիալեանը` իր ձեռք ձգած այս բացառիկ յաջողութեան համար:



