Անցեալ շաբաթավերջին Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Օրակարգից դուրս» հաղորդաշար»-ի հիւրը եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահի ընտրութեան, հայ-թրքական արձանագրութիւնները չեղեալ հռչակելու Հայաստանի որոշումին, իշխանութեան մէջ առկայ խնդիրներուն եւ ընդհանրապէս Հայաստանի դիմագրաւած հարցերուն:
Երկրին դրական շունչ տալու անհրաժեշտութեան անդրադառնալով` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսած է. «Մենք, մենք` բոլորս, մեր մտաւորականութիւնը, մեր քարոզչամիջոցները… Մենք պէտք է կարենանք դրական շունչ փոխանցել: Մեր հաղորդումները, մեր պատկերասփիւռի կայանները, մեր ուսուցիչները, դրական շունչ պէտք է փոխանցեն երկրի ապագային հետ կապուած որեւէ բանի: Ես, վստահաբար, գիտեմ, որ ատիկա արհեստականօրէն չ՛ըլլար: Ատիկա պէտք է զուգակցի նաեւ իրական գործով: Ես յոյսով եմ, որ այսօր, առնուազն, այդ իրական գործին համար ճիգ կը կատարուի, եւ ատիկա նկատելի է: Այդ ճիգը պէտք է ներկայացնել ժողովուրդին, որ յոյս ստեղծուի, յոյս ստեղծուի վաղուան նկատմամբ, որպէսզի մենք կարենանք չէզոքացնել այն, ինչ որ քարոզչական պատերազմի մէջ կը կորսնցնենք այսօր: Քարոզչական պատերազմին մէջ կը յաղթեն մեզ` բացասական շունչ տարածելով մեր վրայ: Մեզի կը դարձնեն այնպիսին, որ մենք, ակամայ, ամէն ինչի նկատմամբ բացասական կեցուածք ունենանք: Այս է, որ պէտք է կարենանք փոխել, մանաւանդ որ երկիրը մեկնարկային լաւ վիճակ ունի դէպի յաջողութիւն երթալու»:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կու տանք հետագային: Տեսանիւթը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:



