Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելեց Գիւմրի ծանօթանալու համար Շիրակի մարզի եւ համայնքներու զարգացման 2017-ի ծրագիրներուն շրջագիծին մէջ իրականացած աշխատանքին եւ 2018-ին կատարուելիք աշխատանքներուն մանրամասնութիւններուն:
Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեան նշեց, որ նախորդ տարուան ընթացքին Շիրակի մէջ իրականացած են 22 միլիառ դրամի ներդրումային ծրագիրներ, մինչ 2016-ին ներդրումներու գումարը հասած էր 11,4 միլիառ դրամի: Ան նշեց նաեւ, որ ակնկալութիւններ կան, որ 2018-ին ներդրումային ծրագիրներու ծաւալը հասնի 36 միլիառ դրամի:
Ա. Խաչատրեան զեկուցեց, որ Շիրակի մարզին մէջ աշխատատեղիներու թիւը, որ 2017-ին հասած է 23.517-ի, 2018-ին պիտի հասնի 27.000-ի: Ըստ Խաչատրեանի զգալի թիւով աշխատատեղիներ պիտի ստեղծուին թեթեւ արդիւնաբերութեան, ծառայութիւններու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ:
Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր նկատած է սեփական եկամուտները աւելցնելու իմաստով առնուած քայլերը, պահանջելով միաժամանակ յստակացնել վիճակագրական տուեալները:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը պիտի հիմնէ արձանագրութեան վարչական հիմնարկ, որ յատուկ խմբակներով մարզպետներուն հետ պիտի գործէ` վիճակագրութեան աշխատանքը կատարելու: «Այդ մէկը երկու-երեք տարուան աշխատանք է, որպէսզի թուային ճշգրիտ տուեալներ ունենանք, բայց պէտք է, որ համայնքներու ղեկավարներուն հետ սերտ աշխատանք կատարուի եւ տեղեկութիւններ տրամադրուին: Այն համայնքը, որ շատ աճ ունենայ` զայն պիտի ֆինանսաւորենք, որպէսզի անոնք քաջալերուին: Իսկ ով որ աւելի շատ եկամուտ կարենայ ապահովել` ամէնէն աւելի օժանդակութիւնը պիտի ստանայ», ըսաւ վարչապետը:
Մարզպետ Խաչատրեան նշեց, որ համայնքներուն պիւտճէները արդէն իսկ ծրագրուած են եւ կը նախատեսուի, որ այս տարուան ընթացքին այդ պիւտճէները 13 առ հարիւրի աճ մը արձանագրեն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ առողջապահութեան մարզին մէջ վճարովի ծառայութիւններուն եւ բժշկական կեդրոններուն կուտակած պարտքերուն հարցը, աղբ հաւաքելու եւ աղբանոցներու թղթածրարը, սպանդանոցներու վերաբերող խնդիրներ, ճամբաներու վերանորոգում եւ ենթակառոյցի զարգացման կարելիութիւններ:
 
			


