Արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ անվտանգութեան ամրապնդման եւ օրէնքի գերիշխանութեան գրասենեակի նախագահ Առնոլտ Լիոթոլտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Ժրայսաթի Լիոթոլտին ներկայացուց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու Լիբանանի ջանքերը` միաժամանակ անդրադառնալով Իսրայէլի կողմէ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ կառուցուած պատին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան սպաննելու իմաստով Իսրայէլի սպառնալիքներուն:
Ժրայսաթի հաստատեց, որ Լիբանան իր բոլոր կարողութիւնները պատրաստ է ի գործ դնելու` պաշտպանելու համար Լիբանանը:
«Բանակն ու Դիմադրութիւնը պատրաստ են պաշտպանելու Լիբանանի իրաւունքները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ տագնապները բռնկեցնելու մասին սպառնացողը Իսրայէլն է, հետեւաբար պէտք է զայն զսպել:



