Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ իր այցելուներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով կազմակերպուած միջազգային խորհրդաժողովներէն կարելի չէ մեծ արդիւնքներ սպասել:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական իրավիճակը նկատի ունենալով, միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցող երկիրները պարզապէս կրնան Լիբանանի համար քաղաքական նեցուկի վերածուիլ:
Ան նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական արքունիքի յատուկ պատուիրակ Նիզար Օլուլայի Լիբանան կատարած այցելութիւնը շատ մտերմիկ էր, դրական եւ ինչպէս միշտ` եղբայրական:
Միքաթի յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններու պահպանման, որովհետեւ անիկա կը պաշտպանէ նաեւ Լիբանանի ինքնութիւնն ու անոր շահերը:



