Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
25 փետրուար 2018-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի պիտի ունենայ Զոհրապ Մարգարեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը` նուիրուած արցախեան շարժման 30-ամեակին: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ լուսանկարիչին հետ` մօտէն ծանօթանալու համար անոր ծրագիրին ու գործունէութեան:
«ԱԶԴԱԿ».- Առաջին անգամ ե՞րբ այցելած էք Արցախ եւ սկսած նկարել:
ԶՈՀՐԱՊ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Լոս Անճելըսէն հայ բարեկամներ ունէի, անոնք ինձմէ խնդրեցին, որ Արցախ երթամ նկարելու: 1993-ին գացի: Տակաւին նոր հասած էինք Ստեփանակերտ, արդէն ռմբակոծումը սկսաւ օդանաւերով: Լուր չունէի, որ խնդիրը այսքան մեծ է: Տակաւին պայուսակները սենեակ կը դնէինք, երբ ինծի ըսին, որ լուսանկարչական մեքենաս առնեմ ու երթամ նկարելու: Գացինք. ես չէի գիտեր, որ այսքան ցաւալի բաներ պիտի տեսնեմ: Ի՜նչ տեսնեմ, առանց գլուխի, առանց ոտքի փոքրիկներ կը հանեն փլած տունին տակէն: Այսքան ցաւալի տեսարաններ չէի տեսած կեանքիս մէջ: Լալով սկսայ նկարել. ստիպուած էի: Արցախեան շարժման 30-ամեակը Արցախի ցաւալի օրերն են, չենք կրնար գեղեցկութիւն ցոյց տալ: Ցուցահանդէսին պիտի ցուցադրեմ 70 լուսանկար, որոնցմէ 20 նկարը միայն կը պատկերեն Արցախի գեղեցկութիւնը, յիսունը տխուր նկարներ են: Ամէն մարդ պէտք է գիտնայ, որ ցաւալի եղած է Արցախի վիճակը այն ժամանակ: Բարեբախտաբար հիմա շատ լաւ է:
Ուրեմն Արցախ մնացի ու նկարեցի երեք շաբաթ: Ապա Լոս Անճելըսի եւ Փասատենայի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպեցի 1994-ին: 80 հազար տոլար հաւաքեցինք եւ ետ դարձանք Արցախ: Մնացինք մէկ շաբաթ եւ ազատամարտիկներու ընտանիքներուն բաժնեցինք հաւաքուած գումարը: Ի միջի այլոց 2016-ին Արցախի քառօրեայ պատերազմին ալ գացի եւ նկարեցի:
Ցուցահանդէսի եկողները յուսամ չնեղուին, որովհետեւ ցաւալի բաներ պիտի տեսնեն: Չէի կրնար ուրիշ բան ցոյց տալ արցախեան շարժման 30-ամեակին: Եկողը պատերազմը պիտի տեսնէ: Երեւակայեցէք, օր մը, գիշերով այրած տան մը մէջ նստեր ենք ազատամարտիկներու հետ, Ֆիզուլիի մէջ: Պատուհանէն նայեցայ, որ երկինքէն պայթուցիկի նման փայլող բաներ կը թափին, ուզեցի նկարել. ըսին, որ զինուորական երկաթեայ գլխարկ դնեմ եւ այդպէս դուրս գամ: Դուրս ելայ եւ տեսայ, որ փայլող բաները գետին կ՛իյնան, կը փորուի գետինը ու ծուխ կ՛ելլէ: Նկարեցի ու ներս մտայ: Ինծի ըսին, որ նկարածս վտանգաւոր ֆոսֆոր նիւթն է, որ արգիլուած է ՄԱԿ-ի կողմէ, այդ փայլող բաներէն մէկը եթէ մարդու գլխուն գայ, ոտքէն կ՛ելլէ: Ազրպէյճանցիները մեր վրայ այսպիսի բաներ կը նետէին:
Լիբանանցի տղաք ալ կային հոն: Պատերազմի ճակատը ուրիշ տեսակի վայր է. հոն կը բարեկամանաս տղոց հետ, որովհետեւ մահը կը տեսնես: Մարդու ուժը պատերազմի դաշտին մէջ կ՛երեւի: Մարդուն ինչ ըլլալը պատերազմի դաշտին մէջ կ՛երեւի: Լոս Անճելըսէն ալ տղաք կային, որոնք չկրցան դիմանալ եւ վերադարձան: Տղաք ալ կային, որոնք պայքարեցան, զոհուեցան ու պահեցին Արցախը: Հայաստանն ու Արցախը խօսք չեն ուզեր, գործ կ՛ուզեն: Շատեր կը խօսին, թէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կեանքը դժուար է, բայց ըսէք` ո՞ւր չէ աւրուած աշխարհի մէջ, ո՞ւր կեանքը դիւրին է:
Եթէ Հայաստանի համար չզոհուինք, ազատամարտիկներ չունենանք, հող չունենանք, ինչպէ՞ս հայ պիտի կոչուինք: Այս երկիրները, ուր կ՛ապրինք, մեր երկիրները չեն, այո՛, գեղեցիկ են, լաւ են, ուրախ ենք, մեր եղբայրներն են արաբները, բայց Հայաստանն ու Արցախը մեզի պէտք ունին, մեր գործին պէտք ունին եւ ոչ թէ խօսքին:
«Ա».- Խօսինք լուսանկարչութեան մէջ ձեր անցած ճանապարհին եւ ձեր նոր ծրագիրներուն մասին:
Զ.Մ.- Իմ հայրս Արեւմտեան Հայաստանէն իր մօրը հետ հասած է Հալէպ, ապա քալելով եկած են Դամասկոս, հոնկէ ալ` Ամման, ուր կայք հաստատած են եւ ապրած: Հայրս ամուսնացած է, եւ ծնած եմ ես: 12 տարեկան էի, երբ հայրս մահացաւ: Իմ երազս մեր թագաւորին հասնիլն էր: Ես լուսանկարչութիւն չըրի, որովհետեւ լուսանկարչութիւնը կը սիրէի, այլ կը սիրէի Հիւսէյն թագաւորը: Ես երաժիշտ էի, կիթառ կը նուագէի. ըսի, որ եթէ երաժիշտ մնամ, թագաւորին պիտի չհասնիմ, լուսանկարիչ պիտի ըլլամ, որ թագաւորին հասնիմ: Եւ այդպէս լուսանկարիչ եղայ: Օր մըն ալ թագուհին քովս եկաւ եւ ինծի ըսաւ, որ պալատ պէտք է երթամ, որ թագաւորին լուսանկարիչը ըլլամ 1974-ին: Ես 12 տարեկանէս ետք դպրոց չէի գացած, որովհետեւ հայրս մեռաւ, եւ ես ստիպուած էի մօրս ու քրոջս հոգալ: Թագաւորական պալատէն ինծի առաջարկեցին, որ անգլերէն սորվիմ, որ Նիւ Եորք ղրկեն` լուսանկարչութիւն ուսանելու համար: Նիւ Եորք գացի 2 տարի եւ ետ դարձայ: Եւ այսպէս Յորդանանի նախկին թագաւորին հետ աշխատեցայ 30 տարի: 5 ամերիկացի նախագահ նկարած եմ Սպիտակ տան մէջ, Հիւսէյն թագաւորին հետ, որ մահացաւ 1999-ին: Հիւսէյն թագաւորը կեանքին մէջ խտրութիւն չէր դրած կրօններուն միջեւ: Ինծի կը փաթթուէր եւ կ՛ըսէր. «Իմ տղուս պէս ես դուն»: Անձնական պտոյտներու ատեն զիս իրեն հետ կը տանէր. միասին գացած ենք Սպանիա, Իտալիա, Գերմանիա, Աւստրալիա, Չինաստան ու շատ շատ տեղեր: Իրեն հետ ունիմ կէս միլիոն նկար, ինչ որ հարստութիւն է:
Ես գաղթականի զաւակ ըլլալով յաջողեցայ երազս իրականացնել եւ թագաւորին հասնիլ, բայց կարծէք այսքանով չբաւարարուեցայ եւ ուզեցի գիրք գրել: 22 գիրքի հեղինակ դարձայ: Թագաւորին մահանալէն ետք, խումբ մը կազմեցի եւ գացինք Էվերեսթ` աշխարհի ամէնէն բարձր լեռը: Մենք գագաթը չկրցանք հասնիլ, հասանք 6000 մեթր բարձրութեան: Երկրրոդ տարին ալ` 2014-ին, Ափրիկէի բարձրագոյն լեռը` Քլիմանճարօ բարձրացանք, որ մօտաւորապէս 6000 մեթր բարձրութիւն ունի: Քլիմանճարոյի եւ Էվերեսթի մասին գրեցի երկու գիրք, որոնք ծախեցինք եւ բարեկամներու հետ հաւաքեցինք 2 միլիոն տոլար ու կառուցել տուինք Հիւսէյն թագաւորին անունով քաղցկեղի հիւանդութեան կեդրոն մը, հիւանդանոց մը, ուր հիւանդները կրնան բուժուիլ ձրիաբար:
Հիմա այսքան ալ բաւարար չէ ինծի համար: Իմ երազս է, իբրեւ հայ, համաշխարհային ժապաւէն մը պատրաստել տալ` իմ ու Հիւսէյն թագաւորի ապրած կեանքն ու պատմութիւնը ներկայացնող: Ժապաւէն մը սիրոյ եւ խաղաղութեան մասին: Այսօր Միջին Արեւելքը կրակներու մէջ մնացած է, այս ժապաւէնով ցոյց պիտի տանք քրիստոնեայի եւ իսլամի այնքան հարազատ կապը, որ տեւած է 30 տարի եւ տակաւին կը շարունակուի: Հիւսէյն թագաւորը իսլամ էր եւ շատ բարի սիրտ ունէր, զիս 30 տարի քովը պահեց իբրեւ հայ քրիստոնեայ: Ուրեմն գացի Լոս Անճելըս եւ դերասան Մել Կիպսընի ժապաւէնները արտադրողներուն հանդիպեցայ ու պատմութիւնս պատմեցի, իրենք խանդավառուեցան եւ ըսին, թէ կրնայ Օսքար շահող ժապաւէն ըլլալ, որովհետեւ ճիշդ ժամանակն է, որ ցոյց տրուի, թէ ինչպէ՛ս իսլամ թագաւոր մը հայ քրիստոնեայ լուսանկարիչի մը հետ 30 տարի կեանք անցուցած է: Այս ծրագիրիս մասին յայտնեցի թագուհիին: Կ՛ուզեմ կարմիր գորգին վրայէն քալեն հիմակուան թագաւորը եւ ընտանիքը: Տեսէ՛ք, երազ չկայ, ինչ որ մտածես, կրնաս ընել:





