Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԼԵՄ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ

November 12, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յեղափոխական երգերու երգահանդէս:

Հրակ Աւետանեան

ՀՅԴ ԼԵՄԻ-ի անունով երգահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Հրակ Աւետանեան, որ անդրադարձաւ ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու արժէքին ու պատգամին:

«Այս երգերը մեզի հասած են Տէր Զօրի անապատէն մինչեւ սփիւռքի բաբախող սիրտը` Լիբանան: Մեր ժողովուրդը այս երգերը երգած է Արարատեան դաշտէն մինչեւ Արագածի լանջերը, Պանք Օթոմանէն մինչեւ Խանասոր, Պերլինէն մինչեւ Լիզպոն, Ապրիլ 24-էն մինչեւ Մայիս 28», նշեց ան:

Աւետանեան աւելցուց նաեւ, որ հայ ժողովուրդը այս երգերը երգեց իր անմահ հերոսներուն եւ նահատակներուն յիշատակին:

Ան ԼԵՄ-ի անունով կոչ ուղղեց ներկաներուն` ըսելով. «Երգեցէ՛ք մեր յեղափոխական երգերը, քաղեցէ՛ք անոնց պատգամները, փոխանցեցէ՛ք զանոնք սերունդէ սերունդ, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք վերստին երգել Արարատի լանջերէն մինչեւ Շահումեան, Ջաւախքէն մինչեւ Նախիջեւան, Տիգրանակերտէն մինչեւ Մուսա լեռ, Ուրֆա, Մարաշ, Սասուն ու Զէյթուն…»:

Ապա բեմ բարձրացաւ գաղութի նորահաս երգիչներէն եւ ԼԵՄ-ական Յարութ Լափաճեան, որ ժողովուրդը հրապուրեց իր երիտասարդ, բայց հեղինակաւոր ձայնով: Լափաճեան նաեւ մեկնաբանեց իր անձնական երգը:

Երիտասարդ երգիչին յաջորդեց Լոս Անճելըսէն ժամանած, լիբանանահայ գաղութի զաւակ, յեղափոխական երգերու մեկնաբան Շահէ Սգայեան, որ ներկաները հրապուրեց իր խանդավառութեամբ եւ ձայնի հնչեղութեամբ: Շահէ Սգայեան իր բամբ ու զուլալ ձայնով բեմէն կախարդեց ներկաները` զանոնք տանելով դէպի հայոց պատմութեան տարբեր շրջաններն ու հայ ազգի ապրած զանազան հանգրուանները անոնց մէջ  սերմանելով յեղափոխաշունչ հոգի եւ զանոնք վերածելով կամաւոր բանակի:

Յայտագիրին նաեւ մասնակցեցաւ լիբանանահայ նորահաս երգչուհի, «Երկու աստղ» մրցումի աստղերէն Լուսին Տեմիրճեան, որ ինչպէս միշտ տիրական կեցուածքով ու հեղինակութեամբ ինքնավստահօրէն տէրը դարձաւ բեմին ու երգերը հրամցուց իրենց արժանի որակով:

Երգիչներուն միացան Սեդօ Պաղտասարեան եւ իր նուագախումբը, յաւելեալ փայլք մը տալով երգահանդէսին:

Սրահը լեցուն էր հոծ բազմութեամբ եւ յատկապէս երիտասարդներով, որոնք մեծապէս գնահատեցին ձեռնարկը իրենց ծափահարութիւններով, ողջոյններով ու երգերուն մասնակից դառնալով:

Երգահանդէսը իր աւարտին հասաւ «Արիւնոտ դրօշ» երգով, որուն ճամբով երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս նորոգեց իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու հայ ազգի արդար դատին ու պայքարին:

 

 

 

Նախորդը

«ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՄԱՄԼՈՅ 62-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.