Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՄԼՈՅ 62-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

November 12, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ» ին, երէկ` ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2011-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 62-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր» Հայրենի երիտասարդութիւնը եւ հայ ժամանակակից գրականութիւնը»: Դասախօսն էր Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան:

Ձեռնարկին բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ օրուան զեկուցաբերը 1991-էն ասդին կը վարէ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը, որ կամուրջ կը հանդիսանայ Համազգայինի աշխարհասփիւռ կառոյցներուն` Հայաստանի մշակութային կեանքին հետ: Ան հաստատեց, որ Գալստեան  հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային գործիչ է:

Ապա խօսք առաւ Լիլիթ Գալստեան, որ նշեց, թէ մշակոյթն ու քաղաքականութիւնը կամրջուած են, երբ մշակոյթը ունի քաղաքականութիւն, իսկ քաղաքականութիւն չկայ, եթէ անոր հիմքին մէջ չկայ մշակոյթը: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան քսանեօթը առ հարիւրը բաղկացած է երիտասարդ տարրէն, որուն շուրջ չորս առ հարիւրը ուսանողներ են:

Գալստեան աւելցուց, որ Հայաստանը ունի ազգային անվտանգութեան հայեցակարգ, որուն մէջ արժեւորուած են երիտասարդութեան խնդիրները, սակայն իրականութիւնը այդ պատկերը չի ներկայացներ:

Դասախօսը յայտնեց, որ այսօր երիտասարդութիւնը կը շահարկուի Հայաստանի մէջ, ուր երիտասարդները կը դառնան քաղաքական գործիչներու գործիքները` ծառայելով անոնց շահերուն: Լիլիթ Գալստեան հաստատեց, որ երիտասարդութիւնը արժէքներ բերողն է, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ մշակութային խաղի կանոնները կշռողը:

Ան ըսաւ, որ արժէքներու յեղափոխութիւն պէտք է, եւ այս հոլովոյթը կրնայ իրականացնել միայն երիտասարդութիւնը, որուն ծիլերը գոյութիւն ունին այսօր Հայաստանի մէջ: Ան հաստատեց, որ ժամանակակից արժէքներով օժտուած երիտասարդութիւն գոյութիւն ունի, հակառակ անոր որ այս հաւաքականութիւնը շատ փոքր տոկոս կը ներկայացնէ:

Լիլիթ Գալստեան նաեւ խօսեցաւ երիտասարդ գրողներուն մասին: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ հրատարակուած է «տասնութ-երեսուներեք» գիրքը, որուն մէջ գրած են 14 երիտասարդ գրողներ: Ան յայտնեց, որ Համազգայինի գործակցութեամբ սկսած է լոյս տեսնել «Գրանիշ»  գրական երիտասարդական թերթը, որ գրական զօրաշարժ ստեղծելու ձգտումը ունի:

Գալստեան հաստատեց, որ սփիւռքը ունի կարեւոր դերակատարութիւն Հայաստանը որակական նոր աստիճանի բարձրացնելու խնդիրին մէջ:

Դասախօսութենէն ետք Լիլիթ Գալստեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Ան խօսեցաւ գիրքերու տպաքանակի թիւի հարցերուն, գրատարածման խնդիրներուն, արժէքներու եւ ընթերցանութեան նահանջին եւ այլ խնդիրներու մասին:

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ

Յաջորդը

ՃԱՏՐԱԿ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԱՒԱՐՏԵՑ 4-ՐԴ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.