Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր յղած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին` Թեհրան-Եասուճ թռիչք կատարած ինքնաթիռի աղէտին առիթով, որ բազմաթիւ մարդկային զոհերու պատճառ դարձած է: Հանրապետութեան նախագահը խորին վշտակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնած է Իրանի բարեկամ ժողովուրդին` սփոփանքի խօսքեր յղելով զոհերու ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ մերձաւորներուն:



