«Ժամանակ» կը հաղորդէ, որ Գումգաբուի աղբիւրները արձագանգ հանդիսացած են պոլսահայ համայնքին համար շատ դրական իրադարձութեան մը: Այսպէս, Պոլսոյ վճռաբեկ ատեանին կողմէ արձակուած դատավճիռի մը հիման վրայ, Սիրքեճիի պատմական Սանասարեան Խանի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուած է Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին: Ասիկա կրնայ ճակատագրական նշանակութիւն ունենալ պատրիարքութեան յառաջիկայ գործունէութեան տեսակէտէն:
Այս ձեռքբերումը ապահովուած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի կողմէ 3 յուլիս 2014-ին կատարուած դատական դիմումին հիման վրայ: Անոր կողմէ բացուած դատը շուրջ երեքուկէս տարուան իրաւական պայքարէ ետք տուած է դրական արդիւնք: Իրականութեան մէջ, այդ պայքարը ունի շատ աւելի վաղեմութիւն: Արդարեւ, պատրիարքական աթոռը այս պատմական խանի սեփականութեան իրաւունքը վերստանալու համար դատարան դիմած էր նախապէս, որպէսզի Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ընէ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները: Սակայն Պոլսոյ 13-րդ հիմնական ատեանը առաջին փուլին արձակած էր ժխտական վճիռ, եւ այդ վճիռին բեկանման պահանջով պատրիարքութիւնը դիմած էր վճռաբեկ ատեան: Իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի կողմէ կը ներկայացուէր պատրիարքութիւնը այս դատավարութիւններուն: Երկարատեւ եւ հետեւողական աշխատանքէ ետք ապահովուած է այս մեծ յաղթանակը: Այժմ պիտի կատարուին կալուածաթուղթի եւ համապատասխան արձանագրութիւններու կարգադրութիւնները:
Պէտք է նշել, որ Սանասարեան Խանը պատմականօրէն կտակուած է Էրզրումի երբեմնի համանուն վարժարանի մատակարարման նպատակով: Հանրապետական շրջանի սկիզբը, այդ վարժարանի չգոյութեան պատճառով, այդ կալուածը կը տնօրինուէր Պոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ, եւ օրուան գահակալը կամ առաջին դէմքը կը նկատուէր միակ խնամակալը: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկային եւս վերահաստատուի նման դրութիւն մը: Այսինքն` այս կալուածին պարագային, պաշտօնապէս առանձին վարչական խորհուրդի մը կարիքը պիտի չըլլայ:



