Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԵՒ ՄԵԾԱՀՈԳԻ ՀԱՅԸ. ՅԱՐՈՒԹ ԳԱՐԱՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

November 12, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ամէնքս էապէս հիւր ենք կեանքում
Մեր ծննդեան փուջ օրից,
Հերթով գալիս անց ենք կենում
Էս անցաւոր աշխարհից:
Անց ենք կենում… միայն անմահ
Գործն է խօսում լաւ ու վատ»
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մարդկային յարաբերութիւնը չի սահմանափակուիր լոկ տնտեսական, գործարարական բնագաւառներու մէջ, այլ ունի շատ կարեւոր` ընկերային բաժինը: Դժուար է այս օրերուն գտնել մարդկային արժէքներով հարուստ անձ մը, որուն հետ կարելի ըլլայ հիմնել ընկերութիւն մը, որ զերծ ըլլայ շահադիտական առումներէ եւ ծառայէ մարդկութեան բարիքին, շրջապատին եւ, վերջապէս, ազգին: Յոյն մեծ փիլիսոփայ Դիոգինես իր լապտերն առած` ճամբայ ելաւ փնտռելու իսկական մարդ մը, այն յոյսով, որ պիտի գտնէր զայն: Ներկայ դարուն, ուր արհեստագիտութիւնը որոշ չափով պատճառ դարձած է, որ մարդկային յարաբերութիւնը ու յատկապէս ընկերային կեանքը վտանգուի, Դիոգինեսի նման մեր յոյսը պէտք չէ կորսնցնենք եւ լապտեր առնենք ու փնտռենք իսկական մարդը:

Այս մտորումները ունեցանք, երբ քառասուն օրեր առաջ Պուրճ Համուտի հայութիւնը, բայց յատկապէս Համազգայինի պարարուեստի միաւորը կորսնցուցին համեստ նկարագիրով, կեանքով առլցուն, ընկերասէր, տակաւին քառասուն գարուններ չբոլորած ազնուական հայ ու համազգայնական Յարութ Գարաճեանը:

Յարութը եղած է համեստ ընտանիքի զաւակ եւ մեծցած` հայկական տաքուկ բոյնի մը մէջ: Մանկութենէն իր մէջ նկատուելով հայ մշակոյթին հանդէպ սէրը` անդամագրուած է Համազգայինի պարարուեստի դպրոց: Պարի հանդէպ իր սէրը հասցուցած է զինք կատարելագործման: Ան Համազգայինի «Քնար» պարախումբին մենակատարներէն մէկը դարձած է: Երբ իբրեւ հանդիսատես ներկայ գտնուեցանք «Քնար» պարախումբի մէկ ելոյթին, «Կրակոտ տղաներ» տղոց պարին մէջ ան հիանալի կերպով ներկայացաւ որպէս մենակատար:

Յարութին կեանքին բնորոշիչ յատկանիշներն են` աշխատասիրութիւն, նախաձեռնողականութիւն, ընկերասիրութիւն եւ, ամէնէն կարեւորը, դժուարութիւնները յաղթահարելու մեծ կարողութիւն: Ան միշտ դրական ակնոցով կը դիտէր կեանքը:

Յարութը հիմնած էր իր սեփական աշխատանոցը` Պուրճ Համուտի Կիլիկիա թաղամասին մէջ, նախ` հոգալու ընտանիքին ապրուստը, երկրորդ` ստեղծելու այն բարեկամական իտէալ վայրը, ուր կարելի էր հանդիպիլ եւ զրուցել իրեն հետ այլազան նիւթերու շուրջ:

Դժբախտաբար անողոք հիւանդութիւնը բոյն դրած էր կեանքով եռուն այս երիտասարդին մէջ: Դիմուեցաւ «Կեանք մը փրկենք ֆոնտ»ին, Համազգայինի մեծ ընտանիքին (Համազգայինի «Քնար» պարախումբը ելոյթի մը հասոյթը ամբողջութեամբ տրամադրեց այս նպատակին), գաղութիս յայտնի բարերարներուն, բարեկամներուն փրկելու համար այս ազնուական հայուն կեանքը: Մարդկային բոլոր ջանքերը մնացին ապարդիւն, եւ ան հեռացաւ մեզմէ` յուշ ձգելով իր գործերը, որոնք ցարդ կը յիշուին ամէնուրեք:

Սիրելի՛ Յարութ,

Քու անժամանակ եւ վաղահաս կորուստդ յուզեց եւ լացուց թաղմանդ օրը ներկայ գտնուող սգակիրներու հոծ բազմութիւնը: Վստահ եմ, որ բոլորս քեզի հետ բարեկամանալէ, ծանօթանալէ անդին, քու կեանքի սկզբունքներդ որպէս ապրուած իրականութիւն պիտի որդեգրենք եւ ներառենք մեր կեանքին մէջ:

Անուշաբոյր վարդեր` երիտասարդ հողակոյտիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Կ. Ա.

Նախորդը

ՅԱՒԵՐԺ ԸՆԿԵՐՆԵՐ (Յ. ԳԱՐԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Յաջորդը

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ՄԱՍԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.