Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ՄԱՍԻՆ

November 12, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հա­մազ­գա­յին կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան հրա­տա­րակ­չա­տան 80-ամ­եա­կը ու­շագ­րաւ առիթ մըն է, որ մեր ու­շադ­րու­թեան կը բե­րէ ութ­սուն տա­րի­նե­րու հա­յա­պահ­պան­ման, հայ­կա­կան ինք­նու­րոյն մշա­կոյ­թի ո’չ միայն պահ­պան­ման, այլ սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խանց­ման առա­քե­լու­թիւնը, աշ­խա­տան­քը: Սա պարզ տպա­րան մը չէ: Հրա­տա­րակ­չա­տուն մըն է, ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րով գոր­ծող հրա­տա­րակ­չա­տուն մը, որուն հիմ­նա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը կա­րե­լի է հասկ­նալ, երբ նկա­տի ու­նե­նանք, որ ան մէկ մի­ա­ւորն է Հա­մազ­գա­յի­նի հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան:

Հրա­տա­րակ­չա­տու­նը լա­ւա­գոյն մի­ջոց­նե­րէն մէկն է, որ­պէս­զի այդ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը, գի­րի, գրա­կա­նու­թեան գիր­քի ճամ­բով նախ պահ­պան­ուին ու ապա փո­խանց­ուին:

Ան­շուշտ մեր մաղ­թանքն է, որ հրա­տա­րակ­չա­տու­նը մնայ կա­րե­ւոր մէկ կա­ռոյ­ցը Հա­մազ­գա­յին կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան, որ­պէս­զի  այս մշա­կու­թա­յին միու­թիւնը կա­րե­նայ իր նպա­տակ­նե­րը իրա­գոր­ծել:

ԳԵ­ՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱ­ՉԵՐ­ԵԱՆ
Լի­բա­նա­նի հա­յոց թե­մի առաջ­նորդ

 

Ես ու­րախ եմ, որ Հա­մազ­գա­յի­նը կը հե­տաքրքըր­ւի եւ կ՛ու­զէ նպաս­տել հայ մշա­կոյ­թին: Եւ դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը մեծ է մեր մշա­կոյ­թի բո­լոր սե­ռե­րուն, ըլ­լայ այդ պատ­մա­կան, յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծու­­նէու­թիւն, որով­հե­տեւ մեր պատ­մու­թիւնը ազ­գին հա­րուստ է անց­եա­լով, հա­րուստ է ներ­կա­յով եւ հա­րուստ պի­տի մնայ նա­եւ ապա­գա­յով:

ՎԱՐ­ԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇ­ԳԱՐ­ԵԱՆ
Պատր­ի­ար­քա­կան փո­խա­նորդ հայ կա­թո­ղի­կէ հա­յոց

Մեծ ու­րա­խու­թեամբ կը շնոր­հա­ւո­րենք Հա­մազ­գա­յի­նը եւ յատ­կա­պէս այս պա­րա­գա­յին եւ այս օրը, անոր «Վա­հէ Սէ­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տան 80-ամ­եա­կը: Ու­րա­խու­թիւն է, որով­հե­տեւ եր­կար տա­րի­ներ շա­րու­նակ, երբ մենք կը տես­նենք յա­րա­տեւ, պտղա­բեր, բե­ղուն աշ­խա­տանք, ամէն իմաս­տով, կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին, լեզ­ուա­կան, գրա­կան ծի­րե­րուն մէջ, երբ կը տես­նենք անոր ար­դիւնք­նե­րը, յատ­կա­պէս երբ կը տես­նենք սե­րունդ­նե­րը, որոնք պատ­րաստ­ուե­ցան գի­րով, գրա­կա­նու­թեամբ, բայց մա­նա­ւանդ անոնց ընդ­մէ­ջէն հա­յու հոգի­ո­վ, մենք կ՛ու­րա­խա­նանք եւ այ­սօր կը շնոր­հա­ւո­րենք Հա­մազ­գա­յի­նը: Հա­յա­կեր­տու­մը կը կա­տար­ուի գի­րով, խօս­քով, պատ­կե­րով, գրա­կա­նու­թեամբ, պատ­մու­թեամբ, եւ հրա­տա­րակ­չա­տու­նը այդ է, որ կա­տա­րած է: «Վա­հէ Սէ­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը անց­եալ 80-էն ան­դին, ապա­գա­յին ու­նի մեծ աս­պա­րէզ, եւ ես կը մաղ­թեմ, որ Հա­մազ­գա­յի­նի աշ­խա­տան­քը զար­գա­նայ: Շատ բան կ՛ակն­կալ­ուի ան­կէ, հրա­տա­րակ­չա­տու­նը անոր մէկ խօս­նակն է, մի­ջոցն է կա­րե­ւոր, որով պի­տի հաս­նի նոր սե­րունդ­նե­րուն: Որ­պէս Հայ աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղե­ցի եւ Հայ­կազ­եան հա­մալ­սա­րան` ու­րա­խու­թեամբ գոր­ծակ­ցած ենք անց­եալ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին եւ օգտ­ուած ենք Հա­մազ­գա­յի­նի աշ­խա­տան­քէն եւ հրա­տա­րակ­չա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թե­նէն:

Ես կը մաղ­թեմ, որ այս աշ­խա­տան­քը մի­աս­նա­բար պտղա­բեր ըլ­լայ, Աստ­ուած օրհ­նէ ձեզ բո­լորդ, բո­լոր աշ­խա­տա­կից­նե­րը իրենց լա­ւա­գոյ­նը կա­տա­րեն, որ­պէս­զի շա­րու­նակ­ուի  հայ մար­դը պատ­րաստ­ուիլ այս­պի­սի կա­րե­ւոր պէյ­րու­թեան կեդ­րո­նի մը մէջ:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՓՈԼ ՀԱՅ­ՏՈՍ­ԹԵԱՆ
Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի հայ աւե­տա­րա­նա­կան
եկե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան ատե­նա­պետ

եւ Հայ­կազ­եան հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ

 

1931 թուա­կա­նին, Ն. Աղ­բալ­եա­նի օգ­տա­գոր­ծած այդ անիւա­ւոր մա­մու­լէն մին­չեւ այ­սօր, այ­սինքն` 80 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, Հա­մազ­գա­յի­նի տպա­րա­նը հետզ­հե­տէ բար­գա­ւա­ճած, սար­քա­ւոր­ւած, օժտ­ուած, դար­ձած է արդ­ի­ա­կան տպա­րան մը, որուն մի­ջո­ցով կա­րե­լի եղած է ոչ միայն դա­սա­գիր­քեր, գրա­կան, մշա­կու­թա­յին այ­լե­ւայլ մար­զի գոր­ծեր հրա­տա­րա­կել, այլ պէտք է ըսել նա­եւ, որ հրա­տա­րակ­չա­կա­նի մէկ կա­րե­ւոր բա­ժի­նը կը կազ­մեն այն գոր­ծե­րը, որոնք նուիր­ուած են մեր ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին, ինչ­պէս նա­եւ` պար­բե­րա­կան մա­մու­լին, որոնց մէջ կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւէ  ան­շուշտ «Ազ­դակ» շա­բա­թօր­եակ – «Դրօ­շակ»ի հրա­տա­րա­կու­թիւնը:

ԵՐ­ՈՒԱՆԴ ՓԱՄ­ՊՈՒՔ­ԵԱՆ
ՀՅԴ Արխիւի հրա­տա­րակ­չա­կա­նի
պա­տաս­խա­նա­տու

 

Սերտ կեր­պով կապ­ուած եմ Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­կան մարմ­նին եւ տպա­րա­նին հետ: «Բա­գին»ին հետ, պէտք է ըսել, որ նա­եւ գիր­քեր հրա­տա­րա­կած եմ ես, եւ թիւով քիչ չեն անոնք, 40-էն աւե­լի հա­տոր­ներ:

Այդ գիր­քե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ իմ կապս եղած է բա­րե­կա­մա­կան, եղ­բայ­րա­կան, եւ կար­ծեմ ար­դիւն­քը գո­հա­ցու­ցիչ եղած է. ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռած է բո­լո­րին, որով­հե­տեւ այդ գիր­քե­րը, զորս հրա­տա­րա­կած ենք, խմբագ­րած ենք, են­թարկ­ուած են բազ­մա­թիւ ման­րակր­կիտ սրբագ­րու­թիւն­նե­րու եւ բնա­կա­նա­բար շատ ժա­մա­նակ խլած է, եւ հրա­տա­րակ­չա­կա­նը մեծ համ­բե­րու­թեամբ հե­տե­ւած է մեր բծախն­դիր աշ­խա­տանք­նե­րուն:

ՊՕ­ՂՈՍ ՍՆԱՊ­ԵԱՆ
«Բա­գին» գրա­կան հան­դէ­սի նախ­կին
խմբագ­րա­պետ

Ան­ցած տաս­նամ­եակ­նե­րի ըն­թաց­քում Հա­մազ­գա­յի­նը իս­կա­պէս կա­տա­րեց հրա­շա­լի առա­քե­լու­թիւն եւ շա­րու­նա­կում է նո­րա­նոր դրուագ­նե­րով հարս­տաց­նել այդ առա­քե­լու­թիւնը: Ամէն ջանք գոր­ծադ­րեց, որ­պէս­զի յատ­կա­պէս սփիւռ­քի նոր սե­րուն­դը շա­րու­նա­կէ զգալ իր հա­յե­ցիու­թիւնը, այ­սինքն իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ սփիւռ­քա­հայ սե­րունդ­նե­րի հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան ու կրթու­թեան գոր­ծում, եւ ամ­րապն­դեց հա­յի ինք­նու­թեան էդ կա­րե­ւոր գի­տակ­ցու­մը սփիւռ­քի հա­սա­րա­կու­թեան մէջ: Այ­սօր, ան­շուշտ, բազ­մա­թիւ ու բազ­մա­զան մար­տահ­րա­ւէր­ներ են մեր սփիւռ­քա­հայ կա­ռոյց­նե­րի դէմ յան­դի­ման եւ պի­տի ասել, որ է՛լ աւե­լի ջանք ու ներդ­րում է պա­հանջ­ւում մեզ­նից` ե՛ւ սփիւռ­քում, ե՛ւ մայր հայ­րե­նի­քում, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք մաս­նա­ւո­րա­պէս արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի այ­սօր­ուայ օր­հա­սի դէմն առ­նել, ու­ծաց­ման մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կա­րո­ղա­նանք դի­մագ­րա­ւել: Կա­րո­ղա­նանք հայ երե­խա­յին ու­ղոր­դել դէ­պի հայ օճախ, էս պատ­մու­թիւնը տաս­նամ­եակ­նե­րի եւս մի լու­սա­ւոր էջով հարս­տաց­նում է Պէյ­րու­թի «Վա­հէ Սէ­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը: Մի գրահ­րա­տա­րակ­չա­կան կա­ռոյց, որը տա­րի­նե­րի ըն­թաց­քում մեր հա­յոց գրա­դա­րա­նը հարս­տաց­րել է հա­զա­րա­ւոր հա­տոր­նե­րով եւ այդ հա­տոր­նե­րին հա­ղոր­դակց­ուե­լու առի­թը եւ ու­րա­խու­թիւնը մենք ու­նենք ոչ միայն սփիւռ­քի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րի եւ տար­բեր ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րի ժա­մա­նակ, այլ նա­եւ բա­րե­բախ­տա­բար մենք կա­րո­ղա­նում ենք «Վա­հէ Սէ­թեան»ի տպագ­րած գրքե­րին ծա­նօ­թա­նալ նա­եւ Մայր Հա­յաս­տա­նում:

Ես ուղ­ղա­կի ու­զում եմ, իբ­րեւ մտա­ւո­րա­կան, իբ­րեւ հայ գրող, իմ խո­րին երախ­տա­գի­տու­թիւնը յայտ­նել հրա­տա­րակ­չա­տան աշ­խա­տա­կազ­մին եւ մաղ­թել, որ­պէս­զի հրա­տա­րակ­չու­թեան կնի­քով գրքե­րը էս ամ­բողջ վիթ­խա­րի գրահ­րա­տա­րակ­չա­տան դաշ­տում միշտ լի­նեն փնտռե­լի, եւ հրա­տա­րակ­չու­թիւնը միշտ լի­նի կա­նաչ ճա­նա­պար­հի վրայ կանգ­նած:

ԼԵ­ՒՈՆ ԱՆԱՆ­ԵԱՆ
Հա­յաս­տա­նի գրող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ

Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­կա­նի ստեղ­ծու­մը առնչ­ուած է ուղ­ղա­կի ճե­մա­րա­նին եւ անոր գլխա­ւոր նպա­տա­կը սկզբնա­կան օրե­րուն առնը­ուազն Լ. Շան­թի կող­մէ եւ նա­եւ ու­րիշ ու­սու­ցիչ­նե­րու կող­մէ պատ­րաստ­ուած դա­սագր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թիւնն էր: Յե­տոյ դպրո­ցը կը մեծ­նար եւ փոքր դա­սա­րան­ներ կ՛ու­նե­նար, բայց բո­լոր դա­սա­րան­նե­րուն հա­մար հա­յե­րէ­նի, հա­յոց պատ­մու­թեան, նոյ­նիսկ հա­յե­րէ­նով դա­սա­ւան­դող այլ նիւ­թե­րու` գի­տու­թեան, թուա­բա­նու­թեան դա­սա­գիր­քեր գո­յու­թիւն չու­նէ­ին: Այդ դա­սա­գիր­քե­րը պէտք էր ստեղծ­ուէ­ին, պէտք էր հրա­տա­րակ­ուէ­ին: Ու­րեմն հրա­տա­րակ­չա­կա­նը  ստեղծ­ուե­ցաւ այդ նպա­տա­կով: Հե­տա­գա­յին, բնա­կա­նա­բար, այդ հրա­տա­րակ­չա­կա­նը իր աշ­խա­տանք­նե­րը ծա­ւա­լեց եւ հրա­տա­րա­կեց նա­եւ գե­ղար­ուես­տա­կան գոր­ծեր, պատ­մա­գի­տա­կան գոր­ծեր, զա­նա­զան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ եւ դար­ձաւ քիչ-քիչ այն հրա­տա­րակ­չա­կան հսկայ կազ­մա­կեր­պու­թիւնը, որ այ­սօր­ուան Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­տուն է:

ՏԻԳ­ՐԱՆ ՃԻՆ­ՊԱՇ­ԵԱՆ
Հա­մազ­գա­յի­նի Մ. եւ Հ. Արս­լան­եան
ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն

 

Լի­բա­նա­նում բաց­ուած Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­տու­նը հսկա­յա­կան, վիթ­խա­րի գոր­ծեր է արել թէ՛ որ­պէս դա­սագր­քե­րի տպագ­րու­թեան տպա­րան, հրա­տա­րակ­չու­թիւն, թէ՛ գե­ղար­ուես­տա­կան գրքե­րի, թէ՛ յե­ղա­փո­խա­կան գրքե­րի: Մին­չեւ հի­մա էլ այդ հրա­տա­րակ­չու­թիւնը, թէ­եւ այլ հրա­տա­րակ­չու­թիւն­ներ կան աշ­խար­հի տար­բեր տե­ղե­րում ցրուած, եւ Հա­յաս­տա­նում նոյն­պէս, բայց նա իր ու­րոյն տե­ղը ու­նի, Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չու­թիւնը:

ՌՈՒ­ԲԷՆ ՅՈՎ­ՍԷՓ­ԵԱՆ
ՀՅԴ պաշ­տօ­նա­թերթ «Դրօ­շակ»ի եւ
«Նորք» գրա­կան հան­դէ­սի խմբա­գիր

 

Բուռն գոր­ծու­նէ­ու­թիւն կրթա­կան մշա­կու­թա­յին միու­թեան, յատ­կա­պէս նկա­տե­լի դար­ձաւ Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մից յե­տոյ: Երբ որ լեզ­ւի, գրա­կա­նու­թեան, գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի, ար­ուես­տի բնա­գա­ւա­ռում տե­ղի ու­նե­ցաւ որո­շա­կի մաս­նա­գի­տա­ցում եւ սփիւռք­եան կա­ռոյց­նե­րով Հա­մազ­գա­յի­նը շատ կա­րե­ւոր ծան­րակ­շիռ դեր կա­տա­րեց:

«Վա­հէ Սէ­թեան» յայտ­նի Հա­մազ­գա­յի­նի տպա­րա­նը, որ մին­չեւ հի­մա հրա­շա­լի գոր­ծու­նէ­ու­թիւն է ծա­ւա­լում մեր իրա­կա­նու­թեան մէջ, բազ­մա­թիւ աշ­խա­տու­թիւն­ներ սկսեց տպագ­րել, եւ այդ տպագ­րա­կան գոր­ծը դրուեց Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան հսկո­ղու­թեան ներ­քոյ, հէնց Հա­մազ­գա­յի­նի այս տպա­րա­նի մի­ջո­ցով:

ԴՈԿՏ. ԱՇՈՏ ՄԵԼ­ՔՈՆ­ԵԱՆ
Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ակա­դեմ­իա­յի
պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն

 

Հա­մազ­գա­յի­նի «Վա­հէ Սէ­թեան» տպա­րա­նի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը կը տա­րած­ուի նա­եւ հայ­րե­նի­քէն ներս, յատ­կա­պէս խորհր­դա­յին շրջա­նին, երբ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը կա­րի­քը ու­նէր Ազ­գա­յին յե­ղա­փո­խա­կան գրա­կա­նու­թեան: Անոր շար­քէն ներս կը մտնէ­ին նա­եւ «Ազ­դակ» շա­բա­թօր­եա­կ – «Դրօ­շակ»ը քիչ տա­րո­ղու­թեամբ, աւե­լի լայն տա­րո­ղու­թեամբ «Բա­գին» ամ­սա­թեր­թը:

Որ­պէս­զի գիտ­նանք, թէ ինչ­քան իր ազ­դե­ցու­թիւնը գոր­ծած է այդ գիր­քե­րը հայ­րե­նի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան եւ առ­հա­սա­րակ ազ­գա­յին թե­ւի մշա­կու­թա­յին զար­գաց­ման գետ­նի վրայ, տանք քա­նի մը օրի­նակ­ներ:

Օրի­նակ` «Խո­թե­թան» վէ­պը գրուած էր «Ռու­բէ­նի յու­շեր»ու հի­ման վրայ: «Ձո­րի Մի­րօ» ֆիլ­մը նկա­րա­հան­ուե­ցաւ միայն այն ատեն, երբ գլխա­ւոր դե­րա­սան Սօս Սարգս­եանն ու բե­մադ­րի­չը Ժի­րիկ Աւե­տիս­եա­նը ամ­բող­ջու­թեամբ կար­դա­ցին, թէ՛ «Ռու­բէ­նի յու­շեր»ը եւ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան «Հան­րա­պե­տու­թիւն» հսկայ հա­տո­րը:

Իսկ եթէ այ­սօր մեր մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը, նոյ­նիսկ երի­տա­սար­դու­թիւնը մեծ հա­մակ­րանք ու­նի մեր կարգ մը հե­րոս­նե­րու հան­դէպ, ինչ­պէս` Արամ Մա­նուկ­եա­նի, Գէ­որգ Չա­ւու­շի եւ յատ­կա­պէս Նժդե­հի ատոր մէջ մեծ դեր ու­նի այն հան­գա­ման­քը, որ այս հե­րոս­նե­րուն նուիր­ուած գիր­քե­րը, այն ատեն տա­րած­ուած էին հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան մէջ եւ կը կար­դա­յին:

ԴՈԿՏ. ՄՈՎ­ՍԷՍ ՀԵՐ­ԿԵԼ­ԵԱՆ
Ար­ուես­տա­բան

 

Այս առ­թիւ կ՛ու­զէի ըսել, որ 80-ամ­եա­կի առի­թը մե­զի հա­մար տօ­նե­լու առիթ մըն է: Բայց մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ, խորհր­դա­ծե­լու ալ առիթ է:

Հա­մազ­գա­յի­նի հիմ­նա­դիր­նե­րը, որոնց­մէ շա­տե­րը մօ­տէն ճանչ­նա­լու առիթ ու­նե­ցած եմ ման­կու­թե­նէս սկսեալ մին­չեւ Ճե­մա­րան աւար­տելս, ամէ­նէն առաջ տես­լա­կան ու­նե­ցող մար­դիկ էին:

1943-էն սկսեալ, երբ տա­կա­ւին մա­նուկ էի եւ մտայ Ճե­մա­րան, այդ շրջա­նին էր, որ Նի­կոլ Աղ­բալ­եա­նը տպագ­րա­կան մե­քե­նայ մը առած էր, եւ ատի­կա հրա­տա­րակ­չա­կա­նի վե­րա­ծեց, որ եղաւ «Լոյս» հրա­տա­րակ­չա­կա­նը Հա­մազ­գա­յի­նի: Անոր յա­ջոր­դեց Գաս­պար Իփէկ­եա­նը իբր տնօ­րէ­նը հրա­տա­րակ­չա­կա­նին եւ հետզ­հե­տէ այդ մէկ գոր­ծի­քը դար­ձաւ բազ­մա­թիւ գոր­ծիք­ներ, եւ որով­հե­տեւ հիմ­նա­դիր­նե­րը այդ տես­լա­կա­նը ու­նէ­ին, եւ զո­հո­ղու­թեան ոգին ալ ու­նէ­ին, հետզ­հե­տէ այդ մե­քե­նա­նե­րը բազ­մա­ցան, եւ Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­կա­նը դար­ձաւ այ­սօր­ուան ծա­նօթ հրա­տա­րակ­չա­կա­նը իր բո­լոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով, բարձր մա­կար­դա­կի եւ կա­րե­ւոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով:

ՏՈՔԹ. ՎԱԶ­ԳԷՆ ՏԷՐ ԳԱ­ԼՈՒՍՏ­ԵԱՆ
Հա­մազ­գա­յի­նի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան
նախ­կին ատե­նա­պետ

ՈՒ­ՂԵՐՁ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ ան­ձամբ իմ անու­նից սի­րով ու ջեր­մու­թեամբ շնոր­հա­ւո­րում եմ Հա­մազ­գա­յին հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան «Վա­հէ Սէ­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տան հիմ­նադր­ման 80-ամ­եա­կի առի­թով:

Հիմ­նադր­ման օր­ուա­նից Հա­մազ­գա­յի­նը` իր բո­լոր մաս­նա­ճիւ­ղե­րով եւ կա­ռոյց­նե­րով, յի­րա­ւի մեծ նուիր­ուա­ծու­թեամբ, անս­պառ եռան­դով ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն իրա­կա­նաց­րել եւ իրա­կա­նաց­նում է իր առ­ջեւ դրուած դժուա­րին, բայց վեհ ու այդ­քա՛ն անհ­րա­ժեշտ առա­քե­լու­թիւնը` հայ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պա­նու­մը, մշա­կու­թա­յին եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րի սերն­դէ-սե­րունդ փո­խան­ցու­մը, հայ մար­դու ազ­գա­յին նկա­րագ­րի կեր­տու­մը, հա­յու­թեան հա­մախմ­բու­մը, որը բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րում սփիւռ­քում եղել եւ մնում է հա­յոց պե­տու­թեան եւ սփիւռ­քի առաջ­նա­հեր­թու­թիւնը:

Իր հրա­տա­րակ­չա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ հրա­տա­րակ­չա­տու­նը մե­ծա­պէս նպաս­տում է մեր մա­տաղ սերն­դի հա­յե­ցի կրթու­թեանն ու դաստ­ի­ա­րա­կու­թեա­նը, մեր Ոս­կե­ղե­նիկ մայ­րենիի պահ­պան­մանն ու տա­րած­մա­նը:

Եկէք փա­ռա­ւո­րենք ու սե­րունդ­նե­րի երախ­տի­քը հնչեց­նենք ազ­գի նուիր­եալ­ներ, ազ­գա­յին գոր­ծիչ­ներ Նի­կոլ Աղ­բալ­եա­նին, Գաս­պար Իփէկ­եա­նին, Վա­հէ Սէ­թեա­նին, որոնց անու­րա­նա­լի վաս­տա­կը կայ հրա­տա­րակ­չա­տան լի­նե­լիու­թեան եւ զար­գաց­ման գոր­ծում:

Հայ ժո­ղովր­դի այս զա­ւակ­նե­րը մշտա­պէս ապ­րել են ազ­գի հոգ­սե­րով, փոր­ձել լու­ծում­ներ տալ նրա առ­ջեւ ծա­ռա­ցած խնդիր­նե­րին: Եւ ար­ժա­նի հա­յոր­դի­նե­րի գոր­ծը ութ տաս­նամ­եա­կի ըն­թաց­քում պա­տուով ու անձն­ուի­րու­թեամբ շա­րու­նա­կել եւ շա­րու­նա­կում են նրանց յետ­նորդ­նե­րը` «Վա­հէ Սէ­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տան հրա­շա­լի անձ­նա­կազմն ու նրանց աջա­կից­նե­րը, որոնց փո­խան­ցում եմ իմ խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւնը:

Եւս մէկ ան­գամ շնոր­հա­ւո­րում եմ Հա­մազ­գա­յին հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեանն ու «Վա­հէ Սէ­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տան տնօ­րի­նու­թեանն ու անձ­նա­կազ­մին` ի դէմս տնօ­րէն Յա­կոբ Հա­ւա­թեա­նի, հիմ­նադր­ման 80-ամ­եա­կի կա­պակ­ցու­թեամբ, մաղ­թում եմ նո­րա­նոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, ան­խա­փան աշ­խա­տանք` ի փառս հայ գրի եւ ի զօ­րա­ցում ողջ հայ ազ­գի ու Հա­յաս­տա­նի:

Ուժ ու եռանդ եմ ցան­կա­նում Ձեր հա­յա­պահ­պա­նու­թեան նուի­րա­կան գոր­ծում եւ շնոր­հա­ւո­րում եմ բո­լո­րիս Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 20-ամ­եա­կի առի­թով ու մաղ­թում մի­աս­նա­կան կամք ու ոգի` յա­նուն մեր երի­տա­սարդ պե­տու­թեան ու ան­կոտ­րում ազ­գի զօ­րաց­ման:

Յար­գան­քով`
ՀՐԱ­ՆՈՒՇ ՅԱ­ԿՈԲ­ԵԱՆ
Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար

ՈՒ­ՂԵՐՁ

Ու­րա­խու­թեամբ տե­ղե­կա­ցանք, որ լրա­նում է Հա­մազ­գա­յի­նի կրթա­կան-մշա­կու­թա­յին միու­թեան հրա­տա­րակ­չա­տան հիմ­նադր­ման 80-ամ­եա­կը:

Իր հիմ­նադր­ման օր­ուա­նից ի վեր Հա­մազ­գա­յի­նի ամ­բողջ գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը նպա­տա­կաուղղ­ւած է եղել հայ ժո­ղովր­դի կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­մա­նը` այն հա­մո­զու­մով, որ յատ­կա­պէս հա­յոց լե­զուն, հա­յե­ցի կրթու­թիւնն ու մշա­կոյթն են ի զօ­րու բարձ­րացը­նել Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ապ­րած ժո­ղովր­դի ոգին եւ կեն­սա­կա­նու­թիւնը:

Հա­մազ­գա­յի­նի ակունք­նե­րում կանգ­նած մեր բա­ցա­ռիկ մտա­ւո­րա­կան Նի­կոլ Աղ­բալ­եա­նի շնոր­հիւ հէնց այս վեհ գա­ղա­փար­նե­րի իրա­կա­նաց­ման նպա­տա­կով 1931 թուա­կա­նին ստեղ­ծուեց նա­եւ Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­տու­նը, որը կրում էր «Յոյս» խորհր­դան­շա­կան անու­նը: Հե­տա­գա­յում վե­րան­ուան­ուե­լով Հա­մազ­գա­յի­նի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ատե­նա­պետ եւ ապա` ցմահ նա­խա­գահ Վա­հէ Սէ­թեա­նի անու­նով` հրա­տա­րակ­չա­տու­նը շա­րու­նա­կեց պահ­պա­նել ու զար­գաց­նել այն նպա­տակ­նե­րը, որոնց հա­մար կեան­քի էր կոչ­ուել:

Բնա­կան է, որ հայ­րե­նի­քից հե­ռու` սփիւռ­քի ոչ հեշտ պայ­ման­նե­րում, Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­տան աշ­խա­տանք­նե­րի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան պահ­պա­նումն ու զար­գա­ցու­մը նուի­րու­մի եւ իրա­կան հայ­րե­նա­սի­րու­թեան հրա­շա­լի օրի­նակ է եղել հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար:

Այն ամէ­նը, ինչ ան­ցած 80 տա­րի­նե­րի ըն­թաց­քում կա­րո­ղա­ցել է իրա­կա­նաց­նել Հա­մազ­գա­յի­նի հրա­տա­րակ­չա­տու­նը` ծա­ռա­յե­լէ հայ գի­րը, գիր­քը, լե­զուն, մշա­կոյ­թը, հայ լի­նե­լու հպար­տու­թիւնը սե­րունդ­նե­րի գի­տակ­ցու­թեան եւ կեն­սա­կեր­պի մէջ ամ­րապն­դե­լու շնոր­հա­կալ գոր­ծին:

Սի­րով եւ գնա­հա­տան­քով շնոր­հա­ւո­րում ենք Հա­մազ­գա­յի­նի «Վա­հէ Սէ­թեան» հրա­տա­րակ­չա­տան 80-ամ­եայ յո­բել­եա­նը` մաղ­թե­լով եր­կար եւ ար­գա­սա­բեր ճա­նա­պարհ` ի փառս հայ գրքի եւ մշա­կոյ­թի:

 ՅԱՍ­ՄԻԿ ՊՕ­ՂՈՍ­ԵԱՆ
Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար

 

Նախորդը

ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԵՒ ՄԵԾԱՀՈԳԻ ՀԱՅԸ. ՅԱՐՈՒԹ ԳԱՐԱՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յաջորդը

ՀԱՐԱԶԱՏ ՕՃԱԽ, ՈՐ ԱՐԴԷՆ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.