Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամպերուն Ծանրութիւնը

February 17, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գիտէի՞ր, որ գոյութիւն ունին ամպի 10 տարբեր տեսակներ` Սիրրուս, Սիրրո Քումուլուս, Սիրրոսթրաթուս, Այթո Քումուլուս, Սյթոսթրաթուս, Սթրաթուս, Սթրաթո, Քումուլուս, Նիմպոս թրաթուս, Սթրաթո Քումուլուս, Նիմպոս Թրաթուս, Քումուլուս եւ Քումուլոնիմպուս:

Անոնց կերպարանքը եւ բարձրութիւնները կը տարբերին, սակայն անոնք բոլորը ունին նոյն բաղադրութիւնը: Ամպերը կազմուած են միլիոնաւոր ջուրի կաթիլներէ եւ սառոյցի բիւրեղներէ: Այս պատճառով է, որ նոյնիսկ եթէ անոնք փետուրի նման թեթեւ կ՛երեւին, անոնք թոներ կը կշռեն իրենց պարունակած ջուրի քանակներուն պատճառով:

Փոքրիկ ամպ մը, որ ունի 1 քմ. լայնք, 1 քմ. երկայնք եւ 100 մեթր հաստութիւն, կրնայ օրինակի համար, կշռել աւելի քան 100 թոն (14 փիղի հաւասար): Սակայն ընդհանրապէս ամպերը շատ աւելի մեծ կ՛ըլլան: Անոնք երբեմն կրնան կշռել մինչեւ 25 միլիոն թոն:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Ըստ ՆԱՍԱ-ի, այն վայրերը, ուր տարուան ընթացքին ամէնէն քիչը ամպ կայ, Ափրիկէն, Աւստրալիան եւ Հարաւային Բեւեռն են, մինչ ովկիանոսներուն վրայ է, ուր մենք կը հանդիպինք ամէնէն մեծ քանակով ամպերու:

– Ծիածանները կը յայտնուին ընդհանրապէս առտուն շատ կանուխ, կամ` ուշ կէսօրէ ետք:

 

Տուրմի Հոտով Ծաղիկը

Ծաղիկները հոտ կ՛արձակեն յատուկ պատճառով մը: Անոնց այս հոտն է, որ կը գրաւէ միջատներուն ուշադրութիւնը, որպէսզի անոնք քան եւ բեղմնափոշին քաղեն: Այս ձեւով, ծաղիկէ ծաղիկ անցնելով, այս միջատները իրենց հետ պիտի փոխադրեն բեղմնափոշին եւ օգնեն, որ բոյսերը բազմապատկուին: Անոնց հոտը կը ծառայէ նաեւ քարշանք յառաջացնելու գիշատիչ անասուններուն մօտ` անոնց հեռու պահելու համար:

Իւրաքանչիւր ծաղիկ ունի իր հոտը: Կարգ մը ծաղիկներ ունին կիտրոնի հոտ, փոշիի, մեղրի, կուպրի, հնդկընկոյզի, համեմներով կարկանդակի… իսկ քոսմոս աթրոսանկինէուս բոյսը ունի տուրմի հոտ: Նոյնիսկ անոր գոյնը նման է տուրմի գոյնին, որովհետեւ ան շատ մութ կարմիր, գրեթէ սրճագոյն է: Դժբախտաբար, քոսմոս շոքոլայ ծաղիկը չունի իսկական տուրմին համը: Ան ուտելի չէ:

Քոսմոս տուրմը միակ ծաղիկը չէ, որ տուրմի հոտ ունի: Կան առնուազն հինգ ուրիշ բոյսեր, որոնք կ՛արձակեն նաեւ այս անուշ հոտը. անոնց կարգին է Պերլանտիէրա Լիրաթան, որուն ծածկանունն է «տուրմի կաթիլ»:

Գիտէի՞ր Թէ

– Արում Թիթանը աշխարհի ամէնէն մեծ ծաղիկն է: Անոր հասակը կրնայ հասնիլ մինչեւ 3 մեթրի: Ասիկա անոր միակ մրցանիշը չէ. ան նաեւ աշխարհի ամէնէն գէշ հոտը ունեցող ծաղիկն է: Երբ ան կը ծաղկի, ան կ՛արձակէ փտած միսի հոտ:

– Տուրմը վտանգաւոր է շուներուն եւ կատուներուն համար, հետեւաբար անոնց բնաւ տուրմ պէտք չէ տալ:

 

Աշխարհի Ամէնէն Մեծ Փազըլը

Համբերութեան խաղերուն մէջ փազըլը թագաւոր է: Երկար ժամանակ ուղիղ աշխատցնող այս խաղը գեղանկարչութեան նման տաբակ էր: Սակայն մինչ այդ ան նորացուած է, եւ այժմ մենք կրնանք գտնել 3D ծաւալ ունեցող փազըլները, կամ նոյնիսկ` համացանցին վրայ միայն տեսողական ձեւի տակ փազըլներ:

Փազըլի մը դժուարութիւնը կախեալ է անոր կտորներու թիւէն: Ամէնէն դիւրին խաղերը ունին քանի մը կտորներ, մինչ ամէնէն դժուարները կազմուած են հազարաւոր կտորներէ: Երկար ժամանակի ընթացքին ամէնէն մեծ փազըլը կազմուած էր 32 հազար կտորներէ, սակայն, անշուշտ, ներկայիս այդ թիւը ետեւ կը մնայ:

2016 թուականին մրցանիշ արձանագրեց «Ռավընս պըրկըր» ընկերութիւնը, որ շուկայ իջեցուց 40.320 կտորներէ կազմուած փազըլ մը: Անոր չափերը տպաւորիչ են, ան ունի 1,92 մեթր բարձրութիւն եւ 6,8 լայնք: Ան կրնայ ծածկել ամբողջ պատ մը: Այս փազըլը կազմելը կը կարօտի բազմաթիւ անձերու մասնակցութեան եւ օրերով աշխատանքի:

Սակայն զարմանալի չէ, եթէ այս մրցանիշը մօտ օրէն կտրուի…

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ Փազըլի միջազգային ախոյեանութիւնը: Այս տարօրինակ մրցաշարքին մասնակցողները պէտք է ամէնէն մեծ թիւով փազըլներ կազմեն 24 ժամուան ընթացքին: Խումբեր կու գան աշխարհի չորս կողմերէն եւ իրարու դէմ կը մրցին 1000 կամ 2000 կտորներէ բաղկացած փազըլներով:

– Առաջին փազըլները ծնած են 18-րդ դարուն: Ստեղծողն է անգլիացի մը` Ճոն Սփիլսպըրի:

 

 Փոքրիկ Աշխարհ Մը

Ճափոնցի արուեստագէտ Քիյոմի երկու փոքրիկներու մայր է: Ան կը սիրէ արթննալ առտու շատ կանուխ, երբ բոլորը տակաւին կը քնանան, եւ իշխող լռութիւնը կ՛աշխատցնէ անոր երեւակայութիւնը:

Հետեւաբար ան կը մտնէ իր բանաստեղծական փոքրիկ աշխարհը` ստեղծելու մանր կարասիներ եւ առարկաներ, որոնց կարելի է հանդիպիլ միայն շքեղ պուպրիկներու տուներու մէջ:

Ներշնչուելով 18-րդ դարէն` Քիյոմի կը ստեղծէ իր մանր առարկաները` թուղթերով, պարաններով, կերպընկալով…

Անոր ստեղծած բոլոր առարկաները` պահարանները, աթոռները, մկրատները, կարի մեքենան եւ դերձաններու ճախարակները, փոքրիկ գլխարկները եւ նոյնիսկ հացավաճառի ցուցափեղկերուն մէջի անուշեղէնները մեծ խնամքով եւ մանրամասնութեամբ շինուած են եւ Քիյոմիի ձեռքի աշխատանքն են:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Աւստրալիա մօտաւորապէս 1,5 մեթր դէպի հիւսիս սահած է վերջին 22 տարիներուն ընթացքին:

– Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի միջեւ սահմանը կ՛անցնի գրադարանի մը մէջտեղէն:

– Գոյութիւն ունի ջրախոտի տեսակ մը, որ ինքզինք կ՛ուտէ երբ ուտելիքը պակսի:

– Կարգ մը մժեղներ կը նախընտրեն կովու արիւնը մարդոց արիւնէն:

– Մէկ ամսուան ընթացքին պատահած երկրորդ նոր լուսինը կը կոչուի սեւ լուսին: Սեւ լուսինները կը յայտնուին մօտաւորապէս ամէն 32 ամիսը անգամ մը:

– Գոյութիւն ունին ձուկի 130 տեսակներ, որոնք ժամանակ կ՛անցընեն նաեւ ցամաքի վրայ:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գտնուող տասը տարբերութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել կայծակին առած ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. 1921-ի Եւ 1988-ի Փետրուարները

Յաջորդը

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Կիսաւարտականի Զոյգերը Յստակացան

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.