Հատաթի քաղաքապետարանին մէջ երէկ կէսօրէ առաջ տեղի ունեցաւ ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ամալ շարժումի, Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներ եւ երեսփոխաններ:
Հանդիպումին ընթացքին բոլորը ընդգծեցին ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը ամրապնդելու եւ սադրանքները տապալելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումը կատարուեցաւ նախաձեռնութեամբ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ամմարի եւ հովանաւորութեամբ Հատաթի քաղաքապետ Ժորժ Աունի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուող երեսփոխաններն էին Ալի Ամմար, Ալի Պեզզի, Ալեն Աուն, Հիքմաթ Տիպ, Նաժի Ղարիոս եւ Ֆատի Աուար:
Քաղաքապետ Ժորժ Աուն բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` շեշտելով, որ Հատաթի մէջ իրենք յաջողած են սադրանքները «գլխատել» եւ պատրաստ են զանոնք «գլխատելու» նաեւ այլ շրջաններու մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին Ամմար յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան Հըզպալլայի եւ Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին, այնքան ատեն որ կենդանի են:
«Մենք յանձնառու ենք ազգային միասնականութեան հզօրացման եւ միացեալ ճակատագիրը դիմակայելու պատրաստակամութեան: Կ՛ողջունեմ բոլորին գիտակցութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ ձախողեցնել Լիբանանի նկատմամբ թշնամիին ցանկութիւնը», շեշտեց Ամմար:
Իր կարգին, Ալի Պեզզի շեշտեց, որ իրենք արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլէն չեն պահանջեր ներում հայցել` աւելցնելով, որ Պասիլ լիբանանցիներէն պէտք է ներում հայցէ: Ան հաստատեց, որ իրարմէ ներում հայցելը արժանիք մըն է, որուն շնորհիւ կ՛ամրապնդուի լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:
Միւս կողմէ, Ալեն Աուն նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի արժանապատուութիւնը իրենց արժանապատուութենէն է` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումին: