ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ջանք պիտի չխնայէք իրականացնելու համար ձեզի սիրելի ծրագիր մը: Ձեզմէ կը պահանջուի մնալ հանդարտ ու լուռ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Խնդիր մը պատճառ պիտի դառնայ, որ դուք չկարենաք ձեր անձնական եւ աշխատանքային կեանքին մէջ հաւասարակշռութիւն պահել: Պիտի մեղադրուիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Կը փափաքիք ազատիլ որոշ պատասխանատուութիւններէ եւ ճնշումներէ: Յառաջիկայ երկու օրերու ընթացքին ձեր նիւթական խնդիրները պիտի լուծուին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր նիւթական պայմանները վերատեսութեան ենթարկեցէք: Եթէ շարունակէք անհաշիւ ծախսել, նիւթական խղճալի վիճակի մը մէջ պիտի յայտնուիք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Այս օրերուն ամուսնական եւ սիրային նիւթեր մի՛ քննարկէք: Չսերտուած պայմաններէն հեռու մնացէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Առիթը ճարպիկութեամբ օգտագործեցէք: Ստորագրելիք ձեր պայմանագիրին բոլոր կէտերը կարդացէք, ապա ստորագրեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Իմաստութեամբ եւ հաւասարակշռուած կը վարուիք ձեր շրջապատին հետ: Աշխուժութեամբ եւ կայտառութեամբ կը տանիք ձեզի վստահուած բոլոր գործերը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Հող մը կամ տուն մը պիտի գնէք շահ մը արձանագրելէ ետք: Վերջին վայրկեաններուն պիտի ստիպուիք աշխատանքային հարցի մը շուրջ ձեր տեսակէտը փոխել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Օգտուելու համար որոշ պայմաններէ` հարկաւոր է, որ կրկնապատկէք ձեր ճիգը: Կարգ մը դժուարութիւններ պիտի լուծուին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեզ չվերաբերող հարցերով բնաւ մի՛ հետաքրքրուիք: Ձեր ուժը մի՛ սպառէք առանց պատճառի:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեզի պիտի վստահուի աշխատանք մը, որ կատարելու համար պիտի ուզէք բոլորովին մինակ մնալ ու հեռու` աղմուկէ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Առիթ մը օգտագործելով` նիւթական պարգեւ պիտի ստանաք: Մի՛ փորձէք հաւատալ բոլոր ըսուածներուն:
