Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանով. «Ազրպէյճան Դարձած Է Իր Առաւելապաշտ Քաղաքականութեան Զոհը»

January 26, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանովի, գրեթէ բոլոր լուրջ իրադարձութիւններէն ետք Ազրպէյճան սահմանագիծին մէջ կը դիմէ սադրանքի: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Շարմազանով` խօսելով գիշերը հակառակորդին կողմէ կատարուած հետախուզական ներթափանցման փորձին մասին:

«Ազրպէյճան ցոյց կու տայ, որ պատրաստ չէ բանակցութեան: Ասիկա ցուցանիշ է այն երեւոյթին, որ Ազրպէյճան դարձած է իր առաւելապաշտ քաղաքականութեան զոհը, ինչ որ զայն մտցուցած է փապուղի: Նախագահը իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է օգնէ անոնց, որպէսզի անոնք կարենան դուրս գալ այդ առաւելապաշտական վիճակէն», դիտել տուած է Շարմազանով: Բայց եւ այնպէս ան նշած է, որ չես կրնար օգնել մէկուն, որ չի փափաքիր: «Անոնք դարձած են հայատեաց, ցեղապաշտական քաղաքականութեան զոհ», աւելցուցած է ան:

Ազգային ժողովի փոխնախագահը Ազրպէյճանը համեմատած է նացիական Գերմանիոյ հետ` նշելով, որ անոնք ներկայիս կը վարեն միեւնոյն քաղաքականութիւնը, զոր Հիթլեր կը վարէր հրեաներուն նկատմամբ: «Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը նացիական կոչեր կ’ուղղէ Հայաստանի դէմ, Ազրպէյճանի ղեկավարները Հիթլերի քաղաքականութիւնը կը վարեն, սակայն ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ հայկական ամէն ինչի նկատմամբ», նշած է Շարմազանով` օրինակ բերելով Ջուղայի մէջ հայկական յուշարձաններու ոչնչացումը:

Ան միեւնոյն ժամանակ լուսարձակի տակ առած է այն, որ հայկական կողմերը թէ՛ դիւանագիտութեամբ, թէ՛ բանակով կրնան պահել հաւասարակշռութիւնը: «Եթէ բոլոր շահագրգիռ կողմերը, միջնորդները կ’ուզեն շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատել, Ազրպէյճանը պէտք է բերենք կառուցողական դաշտ` օրինական ձեւերով ըլլայ, թէ` այլ միջոցներով: Նման սադրանքներ չեն կրնար ազդել Արցախի եւ հայ ժողովուրդի կամքին վրայ, երբեք կարելի չէ կասկածի տակ առնել Արցախի ժողովուրդին ազատութեան ձգտումը», եզրափակած է Է. Շարմազանով:

 

 

Նախորդը

Քննարկուած Են Արցախ – Եւրոպա Կապերը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Հետախուզական Ներթափանցման Փորձ Կատարած Է

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.