Չորեքշաբթի, 24 յունուարին Արցախի խորհրդարանին մէջ, Աշոտ Ղուլեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի` ղարաբաղեան շարժման 30-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան կազմակերպման եւ համակարգման պետական յանձնախումբի հերթական նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրին հիմնական ուղղութիւնները եւ ամփոփուեցան խորհրդանիշի (լոկօ) մրցոյթին արդիւնքները:
Նիստին բացումը կատարելով` Աշոտ Ղուլեան յայտնեց, որ արդէն իսկ ընթացք առած են ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն փետրուար ամիսով, այլ պիտի ընդգրկեն ամբողջ 2018 տարեշրջանը եւ պիտի ունենան համաժողովրդային բնոյթ` սփռուելով Արցախի ամբողջ տարածքով:
Պետական յանձնախումբը կ’առաջարկէ ձեռնարկներու իրականացման թիրախաւորուած եւ նպատակային ծրագիր, որուն իրականացման համար պիտի ներգրաւեն հանրային, քաղաքական եւ գիտական շրջանակները, պաշտպանութեան բանակը, արտաքին աշխարհն ու սփիւռքը:
Այնուհետեւ յանձնախումբի անդամները քննարկեցին եւ ամփոփեցին ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակի ձեռնարկներու խորհրդանիշի մրցումին արդիւնքները: Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի ներկայացումով` 10-31 դեկտեմբեր 2017-ին յայտարարուած մրցումին ընթացքին 26 մասնակիցներու կողմէ յանձնախումբին ուղարկուած են 77 խորհրդանիշի նմուշներ: Քննարկման ընթացքին յաղթող նկատուեցաւ Նինա Շահվերդեանի ներկայացուցած խորհրդանիշը եւ Արմէն Ղուկասեանի պաստառներու նախագիծը:
Ձեռնարկներու ծրագիրով կը նախատեսուի նաեւ յոբելենական յուշամետալի, թեմային վերաբերեալ գիրքերու եւ գրքոյկներու, լուսանկարչական ալպոմի, նամականիշի, վաւերագրական ժապաւէններու ու տեսահոլովակներու պատրաստութիւն, հանրապետութեան ամբողջ տարածքին ցուցահանդէսներու, տարբեր մրցումներու, մարզական ու մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպում:
Յոբելենական ձեռնարկները պիտի սկսին 10-15 փետրուարին` պահպանելով երեսուն տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ժամանակացոյցը: Հանդիսաւոր ձեռնարկները պիտի կազմակերպուին 20 փետրուարին: Նիստին ընթացքին յանձնախումբի անդամները` արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահվերդեան ներկայացուցին ընդհանուր ձեռնարկներու ծիրին մէջ նախատեսուած ոլորտային ծրագիրները:
Ամփոփելով նիստը, յանձնախումբի նախագահ Աշոտ Ղուլեան նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուին աշխատանքները յոբելենական ձեռնարկներու բեմագրութիւններուն շուրջ: