Նախագահ Սերժ Սարգսեան Փարիզ կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Ֆրանսուա տը Ռիւժիի հետ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան համաձայն, նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է տը Ռիւժին այդ բարձր պաշտօնին ընտրուելու առիթով եւ մաղթած յաջողութիւն: Ան կարեւոր նկատած է միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները, որոնք լաւագոյնս կը լրացնեն միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան դրուատանքով խօսած է Հայաստան-Ֆրանսա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի գործունէութեան մասին` ուղղուած հայ-ֆրանսական կապերու ամրապնդման:
Հայաստանի նախագահը բարձր գնահատած է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի գործունէութիւնը, որ անոր համաձայն, համահունչ է Ֆրանսայի` մարդու իրաւունքներու յառաջամարտիկ երկրի համբաւին:
Զրուցակիցները երկուստեք գոհունակութեամբ խօսած են նաեւ հայ-ֆրանսական սերտ համագործակցութեան մասին բազմակողմանի հարթակներու վրայ` միջազգային խորհրդարանական կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Ֆրանսայի` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկրի ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ` այդ ծիրին մէջ շեշտելով ֆրանսացի խորհրդարանականներու այցելութիւնները Ղարաբաղ, ինչ որ, անոր կարծիքով, անգնահատելի նպաստ կը բերէ ղարաբաղեան տագնապի արդարացի լուծման գործին, կը բացայայտէ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Ազրպէյճանի կողմէ տարածուող կեղծիքը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Ֆրանսուա տը Ռիւժին անդրադարձած են նաեւ Հայաստան -Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ շրջանակային համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք անոնց հետագայ զարգացման:
Հայաստանի նախագահը 23 յունուարի երեկոյեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ֆրանսա – Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժաք Մարիլոսեանի, Ծերակոյտի Ֆրանսա – Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպեր – Լիւք Տըւինազի եւ այլ պատգամաւորական խումբերու անդամներու հետ:
Հանդիպումին նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրանսա – Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժաք Մարիլոսեան հանդէս եկած են ելոյթներով:



