Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ Մաքրոն – Սարգսեան Հանդիպում. Մաքրոն. «Հայաստանը Երկար Ճամբայ Անցած Է` Կառուցելով Կայուն Ժողովրդավարական Երկիր Արեւմուտքի Ու Արեւելքի Միջեւ»

Յունուար 24, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Նախագահ Մաքրոն ողջունած է Հայաստանի նախագահին Ֆրանսա այցելութիւնը եւ նշած, որ հանդիպումին ընթացքին կ՛ակնկալէ հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններէն բացի քննարկել բազմակողմանի ձեւաչափով, այդ կարգին` Ֆրանսախօս երկիրներու շրջագիծին մէջ համագործակցութիւնը, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը` շրջանակային համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք: Ֆրանսայի նախագահը  հետաքրքրուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ  լուծման բանակցային հոլովոյթին վերջին զարգացումներով եւ այդ հոլովոյթը յառաջ մղելու կարելիութիւններուն վերաբերեալ նախագահ Սարգսեանի մօտեցումներով, ինչպէս նաեւ շրջանի երկիրներուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւններով:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Էմանուէլ Մաքրոն երկուստեք կարեւոր նկատած են հայ-ֆրանսական խորհրդարանական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը, տնտեսական մարզին մէջ համագործակցութեան աշխուժացումը` ընդգծելով, որ տնտեսական յարաբերութիւնները անհրաժեշտ է հասցնել վերընթաց զարգացող երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւններու ներկայիս բարձր մակարդակին:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ այս տարի տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին` նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն  ընդգծած է, որ Ֆրանսան Հայաստանի կողքին է եւ կարելի եղածին չափ պիտի աջակցի վեհաժողովը բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար: Նախագահ Մաքրոն սիրով ընդունած է վեհաժողովին մասնակցելու նախագահ Սարգսեանի հրաւէրը եւ նշած, որ մեծ նշանակութիւն կու տայ այդ կարեւոր իրադարձութեան:

Նախագահները հանդիպումին արդիւնքները զեկուցած են լրատուամիջոցներուն:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Ֆրանսան մշտապէս պիտի ըլլայ Հայաստանի կողքին:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Ֆրանսայի նախագահը հետաքրքրական գնահատած է Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպումը` աւելցնելով, որ Հայաստանը երկար ճամբայ անցած է` կառուցելով կայուն ժողովրդավարական երկիր արեւմուտքի ու արեւելքի միջեւ:

«Այս բարդ շրջանին մէջ Ֆրանսան ձեր կողքին պիտի ըլլայ եւ պիտի օժանդակէ, որպէսզի յառաջ շարժիք: 2018 թուականը շատ կարեւոր է Հայաստանի համար», ըսած է Մաքրոն` աւելցնելով, որ մայիս 28-ին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին, Ֆրանսայէն պիտի մասնակցի արտաքին գործոց նախարարը: Միաժամանակ, Էմանուէլ Մաքրոն պաշտօնապէս հաստատած է, որ եկող հոկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան` Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով:

«Մեր հանդիպումին ժամանակ որոշեցինք մեծցնել ֆրանսերէնի դերը կրթութեան մէջ, ընդլայնել Ֆրանսական համալսարանը, ստեղծել մշակութային կեդրոն: Միաժամանակ, կ՛ուզեմ բարձր գնահատել հայկական սփիւռքի դերը եւ յիշեցնել, որ 30 յունուարին պիտի մասնակցիմ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի ընթրիքին», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:

Մաքրոնի դիտարկումով` հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները կը պահանջեն աւելի ուժականութիւն եւ փոխանակութիւն` զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, շրջակայ միջավայրի եւ ծրագրային ապահովման մարզերուն մէջ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ողջունած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու` նախորդ հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ եւ արտաքին գործոց նախարարներու` ընթացիկ տարուան յունուարին Քրաքովի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները` յոյս յայտնելով, որ երկխօսութեան վերսկսումը յստակ արդիւնքներ պիտի տայ:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն ետք` անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին` Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է տագնապը լուծելու կարեւորութիւնը:

«Ատիկա պէտք է ըլլայ համարձակ փոխզիջում: Գիտեմ, որ խաղաղութիւն քարոզելը շատ դժուար է, կ՛ուզեմ, որ հանդիպումները յստակ արդիւնքներ ունենան», ըսած է Մաքրոն` դրական գնահատելով իւրաքանչիւր հանդիպում` ուղղուած երկխօսութեան ամրապնդման:

Մաքրոն նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդական ջանքերը արդիւնք պիտի տան` տագնապի խաղաղ լուծման առումով:

Նախորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Կարճ Լուրեր Ֆութպոլի Աշխարհէն

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?