Իրանն ու Ազրպէյճանը 500-ական միլիոն տոլարի վարկ պիտի տրամադրեն 164 քիլոմեթր երկարութեամբ Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղային ճամբու կառուցման համար: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Իրանի փոխադրամիջոցներու նախարարի տեղակալ Ասղար Ֆախրիէ Քաշան:
«Հաշուի առնելով, որ Ազրպէյճանը համաձայնած է տրամադրել 500 միլիոն տոլարի չափով վարկ Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղային հատուածի կառուցման համար, երկու երկիրներու մասնաբաժինը նախագիծի ֆինանսաւորման մէջ կը կազմէ 50 առ հարիւր», յայտարարած է Ասղար Ֆախրիէ Քաշան:
Ան բացատրած է, որ երկաթուղային ճամբու կառուցման աւարտէն ետք «Հիւսիս-Հարաւ» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի նախագիծի ծիրին մէջ Հնդկաստանը եւ Չինաստանը պիտի կարենան իրենց ապրանքները մատակարարել Միջին Ասիոյ երկիրներ, Ազրպէյճան, Ռուսիա եւ Եւրոպա:
Անոր համաձայն, Ղազվին-Ռեշթ հատուածին կառուցումը նոյնպէս պիտի աւարտի երեք ամիսէն:
Իրանի առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ճահանկիրի 20 յունուարին յայտարարած էր Ռեշթ-Ասթարա երկաթուղային ճանապարհի կառուցման համար Իրանի կառավարութեան կողմէ 500 միլիոն տոլարի չափով վարկ տրամադրելու մասին:



