Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի իսկական աշխատավարձը տարեկան կը գերազանցէ 100 միլիոն եւրոն, կը յայտնէ «Մետիափարթ» լրատու գործակալութիւնը:
2017-ի ամրան ընթացքին համաձայնուած պայմանագիրով, Մեսսիի չորս տարուան աշխատավարձը 400 միլիոն եւրօ է, մինչեւ տուրքերու վճարումը: Իրականութեան մէջ ան կը ստանայ 50 միլիոն եւրօ` տուրքերը վճարելով:
Բոլոր յաւելավճարներով միասին, անոր աշխատավարձը, առանց տուրքերու, կրնայ հասնիլ մինչեւ 122 միլիոն եւրոյի:
Վերոնշեալ տեղեկութիւնները կը հաղորդէ «Ֆութպոլ-լիքս»-ը, որ բոլոր մանրամասնութիւնները ունի, մանաւանդ մարզիկներու վարձատրման գաղտնի կէտերուն բացայայտման վերաբերեալ: