Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եզիտիներու Նկատմամբ Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Եւ Դատապարտելու Յայտարարութեան Նախագիծի Քննարկում

January 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովը սկսած է քննարկել Իրաքի մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ եզիտիներու նկատմամբ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու յայտարարութեան նախագիծը:

Յայտարարութեան նախագիծը շրջանառութեան մէջ դրուած է քաղաքական համաձայնութեան մը արդիւնքով, որուն միացած են խորհրդարանական բոլոր քաղաքական ուժերը: Իրաքի մէջ եզիտիներուն նկատմամբ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու յայտարարութեան նախագիծի քննարկման մասին խօսեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Աշոտեան: «Վստահ եմ, որ նմանատիպ փաստաթուղթերը պէտք է ընդունուին, որովհետեւ խնդիրները, որոնք դրուած են այս յայտարարութեան մէջ, նախ եւ առաջ մարդասիրական են եւ համամարդկային», «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` նշեց Աշոտեան: Անոր համաձայն, այս տեսակէտէն  անհրաժեշտ է տարանջատել եւ միեւնոյն ժամանակ միաւորել երեք կարեւոր հարթութիւն. «Առաջինը այն է, որ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան զոհ է: Իբրեւ ցեղասպանութենէ վերապրած ժողովուրդ` մենք գիտենք այդ վիշտը: Երկրորդը այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իբրեւ լիիրաւ քաղաքացիներ կ՛ապրին ազգային փոքրամասնութիւններու տասնեակ հազարաւոր զաւակներ, այդ կարգին` եզիտիներ, որոնց նկատմամբ կատարուած քաղաքական, զինուորական, պատմական անարդարութիւնը եւ ոճրագործութիւնը պէտք է իր յստակ գնահատականը ստանայ: Սակայն կը կարծեմ, որ ոչ պակաս կարեւոր է այն հանգամանքը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ պետութիւն գնահատական կու տայ նման երեւոյթներու: Ասիկա ոչ թէ հայ ժողովուրդին գնահատականն է եզիտի ժողովուրդին նկատմամբ իրականացած ոճրագործութեան, այլ գնահատականն է այն պետութեան, որ ստանձնած է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, դատապարտման եւ ճանաչման միջազգային դերակատարութիւնը»,  ըսաւ Արմէն Աշոտեան:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ նաեւ, որ հիմնական զեկուցող, Ազգային ժողովի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուստամ Մախմուդեան ընդգծած է, որ յայտարարութեան նախագիծը նպատակ կը հետապնդէ խորհրդարանի մակարդակով դատապարտել եզիտի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպանութիւնը` կարեւոր նկատելով նման ծանր յանցագործութիւններու համար մեղաւորները պատժելու, ինչպէս նաեւ զանոնք կանխարգիլելու հարցը:

«Հաշուի առնելով, որ 2014-ին ահաբեկչական խմբաւորումներու, մասնաւորապէս ՏԱՀԵՇ-ի իրականացուցած վայրագութիւններուն պատճառով զոհուեցան տասնեակ հազարաւոր եզիտիներ, նոյնքան ժողովուրդ գերի առնուեցաւ, իսկ 2000-էն աւելի եզիտի դարձաւ գաղթական, կարեւոր նկատելով ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները յարգելու գործին մէջ միջազգային իրաւունքով ամրագրուած պետութիւններու պարտականութիւնները, ընդգծելով ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած այլ յանցագործութիւններու դէմ պայքարելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը` Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Վահրամ Բաղդասարեանի, Ռուստամ Մախմուդեանի եւ Արմէն Աշոտեանի նախաձեռնութեամբ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ նախագիծ մը, որով Հայաստանի խորհրդարանը պիտի ճանչնայ եւ խստօրէն դատապարտէ եզիտի ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւնը», նշած է Մախմուդեան` շեշտելով, որ ատով Հայաստանի Ազգային ժողովը միաժամանակ պիտի դատապարտէ ահաբեկչութեան բոլոր դրսեւորումները, ինչպէս նաեւ եզիտի ժողովուրդին նկատմամբ թիրախ ընտրուած գործողութիւնները` պայմանաւորուած ազգային, քաղաքական կամ կրօնական գործօններով:

Պատգամաւորը շեշտած է, որ թուարկուած զարհուրելի գործողութիւնները տեղի ունեցած են 21-րդ դարուն` ամբողջ միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ: «Այդ զարհուրելի գործողութիւնները իրենց էութեամբ շատ նման եղած են 1915-1923 թուականներուն հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան: Նախագիծը ո՛չ միայն կը ճանչնայ եւ խստօրէն կը դատապարտէ եզիտի ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան միջազգային կառուցակարգերու միջոցով հետաքննելու կատարուած յանցագործութիւնները, հետապնդելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու միջազգային յանցագործութիւններ կատարած անձերը, ինչպէս նաեւ գործադրելու բոլոր կարելի ջանքերը ապագային մարդու իրաւունքներու խախտումները կանխարգիլելու ուղղութեամբ», ըսած է Մախմուդեան:

Նախագիծին մէջ ընդգծելով Իրաքի ինքնիշխանութեան դերը` Հայաստանի Ազգային ժողովը այս առնչութեամբ նաեւ իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Իրաքի պետութեան եւ ժողովուրդին:

Նախորդը

Լաւրով. «Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Համար Փուլային Մօտեցում Պէտք Է»

Յաջորդը

Սփիւռքը Ի Սպաս Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի Կերտումին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.