Հայաստանի ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի տնօրինումով, մարզական աշխարհի եւ հասարակական գործունէութեան մարզերուն մէջ իրենց ունեցած նշանակալի դերին համար Ազգային ժողովի պատուոյ մետալով պարգեւատրուեցան «Արարատ-73»-ի ֆութպոլիստները` Արկադի Անդրէասեան, Ալյոշա Աբրահամեան, Սերկէյ Պօղոսեան, Նորայր Մեսրոպեան, Սուրէն Մարտիրոսեան, Նիքոլայ Ղազարեան, Էդուարդ Մարգարով, իսկ Ազգային ժողովի նախագահի յուշամետալով` Ռուդիկ Բարսեղեան:
Ազգային ժողովի նախագահն ու փոխնախագահը` Էդուարդ Շարմազանով, շնորհաւորելով «Արարատ-73»-ի ֆութպոլիստներուն անցեալին կատարած այդ իրագործումը (նախկին խորհրդային միութեան ֆութպոլի ախոյեան եւ բաժակակիր), յայտնեցին, որ այս տարի իւրայատուկ տարի մըն է, որովհետեւ պիտի տօնուի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակման 100-ամեայ յոբելեանը, արցախեան շարժումին 30-ամեակը, ինչպէս նաեւ` «Արարատ-73»-ի կրկնակի յաղթանակին 45-ամեակը: