Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերը Իրաւունք Ունին Ապրելու Եւ Արարելու Իրենց Պատմական Հողին Վրայ. Սան Փաւլոյի ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակի Նախագահ

January 12, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հազարաւոր քիլոմեթրեր եւ տասնեակ երկիրներ բաժնող Պրազիլի ու Արցախի միջեւ համագործակցութեան, Արցախի ու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, Սան Փաւլօ ապրող 25-30,000 հայերու հիմնախնդիրներու եւ Պրազիլի ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի աշխատանքներուն մասին «Ապառաժ»-ը զրուցած է Պրազիլի Սան Փաւլօ քաղաքի ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի նախագահ, իրաւաբան Գէորգ Զատիկեանին հետ:

Պրազիլի ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակը

ՀՅԴ Հայ դատը Պրազիլի` Սան Փաւլոյի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէ սկսած 1985 թուականէն: Պրազիլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ հայանպաստ քաղաքականութիւն յառաջացնելու Հայ դատի հիմնական նպատակներէն բացի` գրասենեակը այս տարիներու ընթացքին գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ այլ ուղղութիւններով` հայապահպանութեան, երիտասարդական խումբերու կազմաւորման, Համազգային մշակութային միութեան եւ Հայ օգնութեան միութեան մասնաճիւղերու հիմնադրման:

Համագործակցութիւնն ու խոչընդոտները

Պրազիլի քաղաքական գործիչներէն շատեր մեզ շատ լաւ կ՛ընդունին` քաղաքապետարանէն ծերակոյտ եւ նախագահ: Սան Փաւլոյի հայ գաղութը յայտնի է  որպէս աշխատասէր եւ պատուով  ժողովուրդ, որովհետեւ մենք միշտ օգնած եւ գործունէութիւն ծաւալած ենք ոչ միայն ի նպաստ մեզի, այլ նաեւ` Սան Փաւլոյի:

Հայերը Պրազիլի մէջ ունին միայն մէկ խնդիր` ֆինանսի սակաւութիւն: Ի տարբերութիւն հայերու` Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան ահռելի գումարներ կը ծախսեն եւ կը դժուարացնեն մեր աշխատանքները: Թրքական լոպին թափ ստացաւ յատկապէս վերջին տարիներուն, երբ մեր գրասենեակը աւելի մեծ թափով սկսաւ աշխատանք տանիլ Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ:

Հայ համայնքի հիմնախնդիրները

Կառոյցներու առումով հայերը խնդիր չունին Պրազիլի մէջ: Այսօր Սան Փաւլոյի մէջ կը գործեն Սուրբ Գէորգ առաքելական, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներ, «Արարատ» անունով կոչուած է հրապարակը, մեթրոյի կայարանը եւ կամուրջը: «Արմենիա» հրապարակին վրայ կանգնեցուած է Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողը: 1964 թուականէն Սան Փաւլոյի համալսարանին մէջ կը գործէ հայագիտական ամպիոն, իսկ քաղաքի ռատիոկայանը կը հեռարձակէ նաեւ հայերէն հաղորդումներ, հայկական երգ ու երաժշտութիւն:  Շուտով Պրազիլի մէջ կը բացուի նաեւ Հայաստանի դեսպանատուն:

Մեր հիմնախնդիրը հայապահպանութիւնն է: Շատ աւելի հեշտ է հայ մնալ երկրի մը մէջ, ուր քու դէմդ հակադրութիւն կայ, բայց երբ որ երկիրը քեզ շատ լաւ  կ՛ընդունի եւ քու առջեւդ կը բանայ բոլոր դռները, ժամանակի ընթացքին կը ձուլուիս: Կը մոռցուի նաեւ հայոց լեզուն: Եթէ սկիզբը փորթուգալերէն քանի մը բառ կ՛օգտագործես, ապա որոշ ժամանակ անց հայերէն ընդհանրապէս չես գործածեր:

Պրազիլը չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը

Թէեւ համացանցով տարածուած է այն տեղեկութիւնը, որ Պրազիլը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն պէտք է հասկնանք, որ օրէնքը ընդունուած է միայն ծերակոյտին մէջ եւ չէ հաստատուած Ազգային ժողովին եւ նախագահին կողմէ:

Այն իրականութիւնը, որ Պրազիլը չէ ընդունած Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրէնքը, կը փաստէ Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար, Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրէնքը առաջադրած Ալուիզու Նոնեսի այցը Հայաստան, մասնաւորապէս` Ծիծեռնակաբերդ, ուր Ա. Նոնեսը նշած է, որ  ցաւալի «դէպք» է տեղի ունեցածը: Ան չէ ըսած, որ «ցեղասպանութիւն» տեղի ունեցած է: Եթէ այդ օրէնքը ընդունուէր, ապա արտաքին գործոց նախարարը կը նշէր «ցեղասպանութիւն» բառը:

Մենք եւ Պրազիլի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Գալոյեանը կը շարունակենք աշխատանքներ ծաւալել այդ ուղղութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան ճանաչում

Մենք կը գիտակցինք Արցախի անկախութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան եւ կարեւորութեան: Շարունակական աշխատանք կը ծաւալենք Պրազիլի պաշտօնեաներուն հետ եւ զանոնք պարբերաբար կը բերենք Արցախ ու կը ծանօթացնենք Արցախի  հիմնախնդիրին, պատմութեան, մշակոյթին եւ առանձնայատկութիւններուն:

Պրազիլի եւ Արցախի միջեւ կարելի է համագործակցութեան եզրեր հաստատել` կրթական, առողջապահական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ: Ինչպէս Արցախը, այնպէս ալ Պրազիլը յայտնի են գինի արտադրութեամբ եւ, կը կարծեմ, որ պէտք է մտածել այդ ուղղութեամբ:

Այո՛, դժուարութիւններ կան, բայց աշխարհի միւս կողմը մենք կ՛արժեւորենք մարդու իրաւունքները եւ կը հասկնանք, որ ինչպէս բոլոր ժողովուրդները, այնպէս ալ հայերը իրաւունք ունին ապրելու եւ արարելու իրենց պատմական հողին վրայ:

Գէորգ Զատիկեանին հետ զրուցած է Լուսինէ Թեւոսեանը

 

Նախորդը

Նշմար. Ս. Ծնունդի Տօնին Առիթով «Էմ. Թի. Վի.» Կայանէն Սփռուած Զոյգ Յայտագիրները Գնահատանքի Արժանի Երեւոյթներ Են

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Փարիզի Ոճիրը Եւ Թրքական ՄԻԹ-ի Շուքը

RelatedPosts

«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»
Հարցազրոյց

«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»

September 12, 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ Եւ Յանձնում
Հարցազրոյց

Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ Եւ Յանձնում

September 9, 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ Եւ Յանձնում
Հարցազրոյց

Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ Եւ Յանձնում

September 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.