Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրեայ Ուսանողներու Համաշխարհային Միութիւնը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

January 10, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրեայ ուսանողներու համաշխարհային միութիւնը Իսրայէլի մէջ գումարած իր 44-րդ Համաշխարհային համագումարին ընթացքին պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը յայտնէ, որ համագումարին գլխաւոր զեկուցողներէն մէկը, որ նաեւ աջակցած է բանաձեւին, հրէական ծագումով աւստրալիացի փաստաբան Արիէլ Զոհարն էր:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հրեայ ուսանողներու համաշխարհային միութեան` մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ այս կարեւոր յայտարարութեան համար:

«Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Արիէլ Զոհարին եւ Հրեայ ուսանողներու համաշխարհային միութեան մէջ անոր գործընկերներուն` այս բանաձեւի ընդունման համար, որ ո՛չ միայն օսմանեան Թուրքիոյ հայերուն, յոյներուն եւ ասորիներուն դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը կը ճանչնայ, այլեւ կը դատապարտէ եւ կը մերժէ՛ Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան ժխտման, խեղաթիւրման կամ անտեսման բոլոր փորձերը», յայտարարած է Գայսերեան:

Ուսանողական այս կազմակերպութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, ըստ Գայսերեանի, Իսրայէլի կառավարութեան եւ Աւստրալիոյ նման այլ երկիրներու ուղղուած հզօր պատգամ մըն է, թէ անկախ հանգամանքներէն, մարդու իրաւունքները պէտք չէ՛ բանակցութիւններու առարկայ դառնան` յանուն դիւանագիտական շահերու:

 

 

Նախորդը

«Պաքու Դրական Մօտեցում Ունի Արցախի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Առաքելութեան Ընդլայնման Գծով» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

Յաջորդը

Շարմազանով. «Իշխանութեան Խնդիրը Պէտք Է Ըլլայ Աւելի Շատ Տնտեսական Աճ, Քան Գնաճ Ապահովելը»

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.