Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Էլըն Շիրըր, որ ներկայիս ֆութպոլի մեկնաբան է, աջակցեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին, որ Էվըրթընի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (1 յունուար) դաշտ չներկայացաւ:
«Ժոզէ Մուրինիոն սխալ որոշումներ կու տայ: Մխիթարեան այս պահուն կ՛ըլլար «Փրեմիեր-լիկ»-ի որեւէ խումբի հիմնական կազմին հետ: Ան արդեօք Եունայթըտի մէջ տեղ չունի՞», ըսաւ Շիրըր: