Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Լուէյզիի Դէմ` 89-63 Արդիւնքով

December 27, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լուէյզի իր նորակառոյց մարզադաշտին վրայ (Զուք Մոսպեհ) հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը:

Ինչպէս ծանօթ է, երթի մրցումներուն Լուէյզի հանդիսացաւ այն միակ խումբը, որ յաղթեց ՀՄԸՄ-ին:

Երէկուան մրցումէն
PROFOTO

Սակայն երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կազմը դաշտ ներկայացաւ յաղթելու վճռականութեամբ եւ տարաւ տպաւորիչ յաղթանակ մը` 89-63 արդիւնքով (16-18, 15-22, 14-27 եւ 18-22):

Նախքան մանրամասնութիւնները, բաւական գնահատելի եւ ողջունելի կը նկատուի Լուէյզիի պատասխանատուներուն առած այն կարեւոր քայլը, որով արտօնեցին ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն դաշտ մտնել:

Այս քայլին դիմաց, ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրները եղան կարգապահ եւ քաջալերեցին իրենց կազմը:

Պէտք է ըսել, որ Հայկ Կէօքճեանի վերադարձը բաւական լաւ անդրադարձ մը ունեցաւ խումբին խաղարկութեան վրայ: Ան նշանակեց 11 կէտ, 6 ռիպաունտ եւ 2 սթիլ:

Ուոլթըր Հոճ եւս ունեցաւ բաւական լաւ խաղարկութիւն եւ նշանակեց 17 կէտ (ներառեալ` 3 թրի փոյնթ), 5 ռիպաունտ, 8 էսիսթ:

Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակողը եղաւ Սամուէլ Եանկ (23 կէտ), մինչ Մաքրամ Պըն Ռամատան տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (16 կէտ, 15 ռիպաունտ), իսկ Իսմայիլ Ահմետ նշանակեց 11 կէտ, 9 ռիպաունտ, 6 էսիսթ:

Լուէյզիէն 21-ական կէտ նշանակեցին Թրէյվիս Ֆրանքլին եւ Մարվել Հերիս:

ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Պիպլոս (ուրբաթ, 29 դեկտեմբեր):

Երէկուան երկրորդ մրցումին, Պիպլոս իր դաշտին վրայ 99-81 արդիւնքով պարտուեցաւ Մութթահետէն:

Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Անթունիէ կը հիւրընկալէ Շանվիլը:

 

Նախորդը

Հենրիխ Մխիթարեան` Հայաստանի 2017 Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցչական Խումբին Կատարելիք Դարձի Մրցումներուն Յայտագիրը

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.