Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 23 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Հումին Ֆաուքայի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
ՀՄԸՄ-ի կազմէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել, որպէսզի կարելի ըլլայ պարագլուխի դիրքը գրաւող Զուք Մոսպեհի հետ քայլ պահել եւ ինչու չէ` անկէ խլել պարագլուխի դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, իր կարգին, իր մրցումը կը կատարէ այսօր, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, երբ միեւնոյն դաշտին վրայ կը մրցի պարագլուխի դիրքը գրաւող Անտաքեթ խումբին դէմ:
Վերոնշեալ կազմը 10 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Նոյնքան կէտ ունի նաեւ Մարժապա (երկրորդ):
ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ ունի 9 կէտ եւ կը գրաւէ երրորդ դիրքը, մեծ յոյս ունի Անտաքեթէն խլելու առաջին դիրքը: Հետեւաբար, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով այսօր յաղթանակ արձանագրել: