Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Տեղական Թէ Արտաքին Հարցերու Գծով Տիրող Տարակարծութեանց. Երկրի Ղեկավարները Կը Ջանան Համերաշխ Գործակցութեան Նոր Էջ Մը Բանալ

December 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ տեղական թէ արտաքին կարգ մը հիմնահարցերու շուրջ երկրի զանազան խմբաւորումներուն միջեւ տիրող տարակարծութիւններուն, քուլիսային թէ բացայայտ սերտ ճիգեր կը տարուին բոլոր կողմերուն համար հասարակաց երկիր նկատուող Լիբանանը զերծ պահելու արտաքին վտանգներու կամ սպառնալիքներու հետեւանքներէն: Նախագահ Միշել Աունի հովանաւորութեամբ, փափաքով ու ցուցմունքներով ընթացող այս ճիգերը օրըստօրէ կ՛արդիւնաւորուին գործնապէս ու առնչակից կողմերու դրսեւորած կեցուածքներուն  ընդմէջէն:

Այս ծիրին մէջ, նախագահ Աուն լաւատեսութեամբ յայտնեց, թէ յառաջիկայ տարի պիտի ըլլայ աւելի լաւ, քան անցնողը, «եւ ասիկա` շնորհիւ ձեր ճիգերուն»: Պաապտայի պալատին մէջ երէկ երեկոյեան մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի ղեկավարութեամբ լիբանանեան ֆիլհարմոնիք երգչախումբին ներկայացուցած ամանորեան համերգին առիթով ներկայացուցած իր խօսքին մէջ նախագահ Աուն ըսաւ. «Ներկայիս հաստատութիւններու ընդմէջէն պետութեան հիմերուն հաստատման ընթացքին մէջ ենք»:

Նախագահ Աուն երէկ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ քննեց երկրին ելեւմտական եւ նիւթական իրավիճակը: Այս առիթով Սալամէ վերահաստատեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին վիճակը կայուն է:

Հանրապետութեան նախագահը երէկ նմանօրինակ կեցուածք ցուցաբերեց ընդունելով Կարմիր խաչի եւ Կարմիր մահիկի կազմակերպութիւններու միջազգային միութեան նախագահ Ֆրանչեսքօ  Ռոքան, ապա` Պէյրութի, Ժիպէյլի ու շրջակայից յոյն կաթողիկէներու առաջնորդ Քերիլլոս Սելիմ Պուսթրոս եպիսկոպոսը: Հանրապետութեան նախագահը անհրաժեշտ նկատեց մերձակայ երկիրներուն մէջ արիւնահեղութեան կասեցումը քաղաքական խաղաղարար միջոցներով` դրուատելով այս գծով Կարմիր խաչի գործունէութիւնը, յատկապէս` սուրիացի գաղթականներու հոգածութեան գծով:

Նմանապէս, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ բացայայտեց, որ երկրին մէջ քաղաքական մեծ համախոհութիւն գոյացած է, կացութիւնը պիտի բարելաւուի եւ կարեւորը երկրին բարգաւաճումն է: «Այո՛ մեր միջեւ որոշ հարցերու վերաբերեալ տարակարծութիւններ կան, սակայն երկրին կայունութիւնը աւելի առաջնակարգ է», ընդգծեց վարչապետ Սաատ Հարիրի` անհրաժեշտ նկատելով երկրի բոլոր կողմերուն մասնակցութիւնը իշխանութեան մէջ:

Այս իմաստով, խնդրայարոյց հարցերու գծով խաղաղարար միջնորդութեան ճիգերը կը շարունակուին: Այս ծիրին մէջ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ լուսարձակէ հեռու այցելութիւն մը տուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ խորհրդակցած նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ` կեդրոնանալով հիմնականին մէջ 1994-ի «Աունի սերունդ» սպաներու մէկ տարիով երէցութեան հարցին վրայ:

Իսկ Հարիրի-Ժահժահ գիծին ուղղութեամբ` հակառակ յայտարարուող հերքումներուն, քուլիսային խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ներկայացուցիչներուն` նախարարներ Մլհեմ Ռիաշիի եւ Ղաթթաս Խուրիի միջեւ, ինչպէս հաստատած էր երէկ Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Իսամ Արայժի «Նաշրա» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Դարձեալ նոյն ծիրին մէջ եւ ըստ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ տօնական արձակուրդէն ետք որոշ դերակատարութիւն պիտի ունենայ Մուսթաքպալ-Լիբանանեան ուժեր մերձեցման առումով: Իսկ նախկին նախարար, երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր ըսած է. «Ժոմպլաթի եւ Պասիլի միջեւ վերջին հանդիպումին ընթացքին քիմիա ծագած է», ակնարկելով կապերու սերտացման` այս գիծին վրայ եւս:

 

 

Նախորդը

«Համագումարներ Կազմակերպող Բազմաթիւ Անձնաւորութիւններ Մօտերս Պէյրութ Պիտի Այցելեն» Հաստատեց Աւետիս Կիտանեան

Յաջորդը

Հրապարակուեցան Պաղեստինեան Գաղթակայաններու Եւ Պաղեստինցի Գաղթականներու Ընդհանուր Հաշուարկին Արդիւնքները

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.