Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը. «Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Կը Կառչին Կարծրատիպային Մօտեցումներու»

December 18, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը, ի պատասխան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան 14 դեկտեմբերի մեկնաբանութիւնը 2009-ի ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն տառն ու ոգին աղաւաղելու հերթական աղաղակող օրինակ է:

Նախագահ Սարգսեանի նախաձեռնած Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու լուծման գործընթացին վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը արտայայտուած էր առանց նախապայմաններու  լուծման յայտնի մօտեցումով: Թրքական կողմին հետ այս ընդհանուր փոխըմբռնումով մենք սկսանք բանակցային գործընթացը եւ եկանք պայմանաւորուածութիւններու:

Ինչպէս յայտնի է, արձանագրութիւններու ստորագրումէն անմիջապէս ետք Անգարան հրաժարեցաւ պայմանաւորուածութիւններէն` ո՛չ միայն մերժեց վաւերացնել զանոնք, այլեւ վերադարձաւ նախապայմաններու  լեզուին, որ ան կ՛օգտագործէր մինչեւ գործընթացին մեկնարկը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին մեկնաբանութիւնը նոյն շարքէն է:

Անգարան չի խորշիր անգամ մը եւս կրկնել իր նախապայմանները, կապելով հայ-թրքական յարաբերութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` Ազրպէյճանի օգտին լուծման հետ` կամայական յղում կատարելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն, որոնք որեւէ առնչութիւն չունին խաղաղ լուծման բանակցային գործընթացին հետ: Բոլորին յայտնի է, որ արձանագրութիւններուն մէջ ղարաբաղեան տագնապի կամ որեւէ նախապայմանի մասին խօսք անգամ չկայ: Ստորագրումէն ետք, վերստին նախապայմաններու լեզուին վերադառնալով, Թուրքիան դէմ գնաց միջազգային հանրութեան, որ  ինչպէս այն ժամանակ, այնպէս ալ այսօր կ՛աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու` առանց նախապայմաններու կարգաւորման:

Թրքական կողմը հրաժարեցաւ արձանագրութիւններու վաւերացումէն եւ ամբողջ գործընթացը միտումնաւոր մղեց դէպի փակուղի: Հայաստանը այդ պատճառով ստիպուած էր կասեցնել վաւերացման ընթացակարգը` դեռ մնալով լուծման գործընթացին մէջ, ինչ որ տարբեր երկիրներու ղեկավարներու կողմէ ըմբռնումով ընկալուեցաւ եւ ողջունուեցաւ:

Ակնյայտ է, որ այսօր ալ` արձանագրութիւններու ստորագրումէն  տարիներ անց, Անգարան պատրաստ չէ կարգաւորելու հայ-թրքական յարաբերութիւնները:

Նորութիւն չէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը կառչին կարծրատիպային մօտեցումներու, կը փորձեն շինծու մեղադրանքներ հնչեցնել: Հարիւր տարիէն աւելի է, որ այդ երկրի ղեկավարութիւնը կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մի՞թէ աւելի դիւրին է ժխտողականութեան միջոցով իր ուսերուն վերցնել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած հարիւրամեայ վաղեմութեան մեծ ոճիրի մեղքը, քան ճանչնալ այն` կարեւոր ծառայութիւն մատուցելով թէ՛ սեփական ժողովուրդին, թէ՛ շրջանի ապագային, թէ՛ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին:

Անգարան կ՛ընթանայ հակառակ ուղիով: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութիւնը կը պնդէ, որ իբրեւ թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը սխալ են բարոյական ու իրաւական առումով եւ վատ նպատակներ հետապնդող քայլեր են: Այնպէս կը թուի, որ Թուրքիան բարոյականութեան խրատներ կու տայ Ֆրանսային, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Ռուսիոյ, Ուրուկուէյին, Արժանթինին, Պելճիքային, Յունաստանին, Կիպրոսին եւ տասնեակ մը այլ երկիրներու, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Զաւեշտալի է, որ Թուրքիան, որ աշխարհի մէջ խօսքի ազատութիւնը մեծագոյն սահմանափակողներէն մէկն է, ժխտողականութիւնը կը փորձէ արդարացնել խօսքի ազատութեան պատճառաբանութեամբ:

Ինչպէս արձանագրութիւններուն ստորագրումէն ետք, այնպէս ալ այսօր աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներ յստակ կը գիտակցին, որ գնդակը թրքական կիսադաշտն է, որ Հայաստանը կատարած է կարելին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: Անգարայի մէջ  այս եւ այլ իրողութիւններու գիտակցման բացակայութիւնն է, որ աշխարհով մէկ կ՛արմատաւորուի այն զգացումը, որ Թուրքիան եւ միջազգային հանրութիւնը կը խօսին տարբեր լեզուներով:

Եւ կրկնենք, որ այս է պատճառը, որ նախագահ Սարգսեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ ցիւրիխեան արձանագրութիւններու  կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններուն մէջ Հայաստանը 2018-ի գարնան զանոնք կը յայտարարէ առ ոչինչ:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Խորհրդածութիւն Ֆրանսայի Մէջ Գործող Միութիւններու Ապագային Վերաբերեալ

Յաջորդը

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներու. Աւստրիան Իսրայէլը Պիտի Ճանչնայ Իբրեւ «Հրեայ Ժողովուրդի Պետութիւն»

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.