Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Աշխարհի Ամէնէն Ռազմականացած Երկիրներու Ցանկին Վրայ 3-րդը, Իսկ Լիբանան` 20-րդը

December 7, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոննի Փոփոխութեան միջազգային կեդրոնը (BICC) հրապարակած է Մաքս Մուչլըրի ուսումնասիրութեամբ` համաշխարհային ռազմականացման իր տարեկան զեկուցումը եւ աշխարհի ամէնէն ռազմականացած երկիրներու ցանկը:

2017-ի ցանկին վրայ (ուր նկատի կ՛առնուին 2016-ի տուեալները), Հայաստան յատկանշական ոստում մը կատարած է` նախորդ տարուան արդիւնքներուն բաղդատած, 21-րդ դիրքէն 3-րդ դիրքին բարձրանալով, մինչ Ազրպէյճան նախորդ տարուան 6-րդ դիրքէն իջած է 11-րդ դիրքի: Վրաստան կը գրաւէ 55-րդ դիրքը:

Հայաստան կը հանդիսանայ Եւրոպայի ամէնէն ռազմականացած երկիրը, իսկ Թուրքիա կը գրաւէ 25-րդ դիրքը:

Ուսումնասիրութեան մէջ կը շեշտուի, որ յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ, Օմանի, Պահրէյնի եւ Ազրպէյճանի պարագային, քարիւղի միջազգային գինի անկումը պատճառ դարձած է, որ զինուորական բնագաւառին տրամադրուող գումարները համեմատաբար նուազին: Հոն նաեւ նշուած է, որ Արցախի ձգձգուող տագնապին պատճառով` Հայաստան եւ Ազրպէյճան կը շարունակեն հսկայ գումարներ տրամադրել զինուորական բնագաւառին:

Կեդրոնը ամէնէն ռազմականացուած պետութիւնը նկատած է Իսրայէլը, իսկ ցանկին վրայ երկրորդ տեղը գրաւած է Սինկափուրը: Յառաջատարներու տասնեակը կ՛ամբողջացնեն Հայաստանը, Ռուսիան, Հարաւային Քորէան, Քուէյթը, Յորդանանը, Կիպրոսը, Յունաստանն ու Պրունէյը: Միացեալ Նահանգները կը գրաւեն 31-րդ դիրքը եւ կը հանդիսանան աշխարհի տարածքին զինուորական մեծագոյն ամավարկը ունեցող երկիրը` 611 միլիառ տոլարով, ինչ որ զինուորական նպատակներու համար տրամադրուող համաշխարհային ընդհանուր գումարին 39 տոկոսն է:

«Միջին Արեւելքի ամէնէն ռազմականացած երկիրները» ցանկին վրայ, Իսրայէլին, Քուէյթին եւ Յորդանանին կը յաջորդեն` Օմանը (13-րդ), Պահրէյնը (15-րդ), Սէուտական Արաբիան (17-րդ), Լիբանանը (20-րդ), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները (21-րդ), Իրանը (22-րդ) եւ Եգիպտոսը (28-րդ):

Ցանկը պատրաստելու ընթացքին նկատի կ՛առնուին 151 երկիրներու մէջ զինուորական բնագաւառին համար ծախսուած գումարները, Համախառն ներքին արդիւնքը, բնակչութեան թիւը եւ շարք մը այլ ազդակներ: Կեդրոնը այս հետազօտութիւնները կը կատարէ 1990-էն սկսեալ: Անոր համար կ՛օգտագործուին Սթոքհոլմի Համաշխարհային տագնապներու հետազօտման հիմնարկի, Դրամական միջազգային հիմնադրամի, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ շարք մը այլ կառոյցներուն տուեալներ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

Յաջորդը

Պետական Պիւտճէի Նախագիծի Քննարկման Ժամանակ. «Կ՛ակնկալենք Աւելի Արդիւնաւէտ Փոփոխութիւններ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.