Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 2 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Պըրժի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սաֆայի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Սաֆայի դաշտը եւ քաջալերել իրենց խումբը` 10-րդ հանգրուանի այս կարեւոր մրցումին: