«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ:
Շիքակօ Պուլզ, որ հիւրընկալեց Մայեմի Հիթը, վերջինէս կրեց իր 15-րդ պարտութիւնը (երեք յաղթանակներու կողքին)` 100-93 արդիւնքով:

Մինեսոթա Վուլվզ 119-108 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ֆէոնիքս Սանզին: Քարլ Անթոնի Թաունզ ի նպաստ Վուլվզին նշանակեց 32 կէտ:
Վերջապէս, երէկուան երրորդ մրցումին, Մեմֆիս Կրիզլիզ իր դաշտին վրայ պարտուցեաւ Պրուքլին Նեթցէն (98-88):
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Պոսթըն Սելթիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Նիւ Եորք Նիքս – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Պրուքլին Նեթց
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տալաս Մավըրիքս
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ