Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Պիելոռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարին հրաւէրով, 27 նոյեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Մինսք:
30 նոյեմբերին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու հերթական միացեալ նիստին: