Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ազգային հաւաքականը, որ 2021-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Ալպանիոյ դէմ կատարեց իր առաջին մրցումը Թիրանայի մէջ, 80-63 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (28-18, 14-20, 23-16 եւ 15-9):
Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռայըն Պոաթրայթ (21):
Վաղը` կիրակի, 26 նոյեմբերին, հայրենի կազմը Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Դանիան:
Հայաստանի գլխաւոր մարզիչն է Նիքշա Փաւցեւիչ: