Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Տագնապին Լուծումը Առաջնահերթ Է Մոսկուայի Համար

Նոյեմբեր 20, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թերթ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 16 նոյեմբերին յայտարարած է, թէ Արցախի տագնապին լուծումը երկրի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթ հարցերէն մէկն է Ռուսիոյ իշխանութիւններուն համար:

«Մեզի համար այդ հարցը միջազգային օրակարգին վրայ առաջնահերթ հարցերէն մէկն է, որովհետեւ անիկա կապուած է ոչ թէ պարզապէս դրացիներու, այլ այնպիսի ժողովուրդներու հետ, որոնց հետ կապուած ենք ո՛չ միայն միջազգային իրաւական փաստաթուղթերով եւ պարտաւորութիւններով, այլեւ` կեանքով եւ ճակատագիրով: Մենք ընդհանուր կեանք եւ ճակատագիր ունեցած ենք ո՛չ միայն տասնամեակներ, այլեւ դարեր շարունակ: Այդ պատճառով ալ, մեզի համար Լեռնային Ղարաբաղի հարցը առաջնահերթութիւն է», ըսած է ան:

Զախարովա նաեւ անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզայի այն պնդումին, թէ Միացեալ Նահանգներ կրնան ետ քաշել իրենց համանախագահը, որուն իբրեւ հետեւանք Մինսքի խմբակի ձեւաչափը կրնայ փոփոխութիւն կրել: Զախարովա ըսած է, որ այդ մասին հարցումները պէտք է ուղղել ամերիկեան կողմին:

«Տեսականօրէն ամէն ինչ տրամաբանական կը թուի. եթէ համանախագահ մը պակսի, ձեւաչափը կը փոխուի: Սակայն այդպէս կրնա՞յ ըլլալ, ի՞նչ պատճառներով այդպէս կրնայ ըլլալ, արդեօք անոնք բաւարար դրամ չունի՞ն», հարց տուած է ան:

Զախարովա խօսած է նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Հայաստան եւ Ազրպէյճան կատարելիք այցելութիւններուն մասին:

 

Նախորդը

Արցախի Հարցով Փութին Հիասթափեցուցած Է Էրտողանը

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Արցախի Տագնապի Լուծման Հոլովոյթի Վերականգնումը

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?