Հայաստանի Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղային նախագիծին միանալը կարելի է միայն ղարաբաղեան տագնապի լուծումէն ետք: Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով:
«Նախագիծի անդամ երկիրներուն հետ պայմանագրին համաձայն, պիտի ստեղծուի Պաքու-Թիֆլիս-Կարսի գործարքներով միացեալ ընկերութիւն», աւելցուցած է ան: