Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պիտի քննարկեն արցախեան հիմնախնդիրը: Այս մասին յայտարարած է Էրտողան` թրքական լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Քանալահապեր» կայքը:
Ըստ Էրտողանի, քննարկումը ամենայն հաւանականութեամբ տեղի պիտի ունենայ միւս շաբաթ:
«Մենք այս հարցին մէջ պիտի շարունակենք ըլլալ Ազրպէյճանի կողքին: Միւս շաբաթ խնդիրին շուրջ քննարկում պիտի ունենանք յարգելի Փութինի հետ: Այս հարցին մէջ անոր դիրքորոշումը շատ կարեւոր է: Եթէ Փութին իսկապէս կեդրոնանայ այս գործին վրայ` հիմնախնդիրին լուծումը շատ աւելի պիտի դիւրանայ, այդպէս կ՛երեւի», ըսած է Էրտողան:
Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Արցախի հիմնախնդիրը նոյնչափ կարեւոր է Թուրքիոյ համար, որքան Ազրպէյճանի: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ կոչ ուղղած էր Արցախի հիմնախնդիրին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամներուն` աշխուժ քայլերու ձեռնարկելու հիմնախնդիրի լուծման ուղղութեամբ: