Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղախումբի Պետութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երբեմն ամենաստոյգ իրողութիւնները խոստովանութեան մը նման կ՛արտայայտուին իրաւասու բերաններէն, ընդհակառակը պնդելով: Թուրքիոյ հասարակութիւնը տարբեր բնոյթի փորձերով ծանօթ է այս իրողութեան: Օրինակի համար, երբ այդ տեսակի սպասում մը առկայ չէ եւ նախարար մը կը յայտարարէ, թէ այս կամ այն նիւթին համար սղաճ պիտի չըլլայ, ժողովուրդը կը հասկնայ, թէ այդ նշուած նիւթերու գիները պիտի բարձրանան:

Արդարեւ, հանրապետութեան նախագահի «Թուրքիան ցեղախումբի պետութիւն չէ» ելոյթը եկաւ այնպիսի պահու մը, երբ բովանդակ երկիրը կը ներկայանար ճիշդ ալ ցեղախումբի պետութեան յատուկ նկարագիրով: Նախագահը շարունակեց իր ելոյթը «Թուրքիա օրինական երկիր է» հաստատումով: Իրողութեան հակապատկերը պնդող նոր օրինակ մը եւս: Բոլորս գիտենք, թէ մերօրեայ Թուրքիոյ մէջ արդարադատական համակարգը ինչպիսի խեղճութեան մը մատնուած է իշխող քաղաքական ուժին դիմաց: Կորսնցուցած է իր անկողմնակալութիւնը եւ խաղալիք դարձած կառավարութեան ձեռքին մէջ: Այս իրողութիւնը բոլորէն աւելի լաւ գիտէ նախագահ Էրտողան, բայց չի վարանիր հակառակը պնդելէ:

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ ցեղախումբի պետութիւն եզրը: Որո՞նք են այդ բնոյթի պետութիւնները: Տեսախցիկներուն դիմաց «Վան մինիւ»չ առարկութիւնը միթէ բաւարա՞ր է ցեղախումբի պետութիւն կոչումէն ձերբազատուելու համար: Եթէ ցեղախումբի պետութիւն ըսելով պիտի հասկնանք ցեղապետի մը մենատիրութեան համակերպած պետական համակարգ, թուրքիա այդ երեւոյթի վառ օրինակը կը ներկայացնէ: «Պետութիւն» հասկացողութիւնը կը պահանջէ բազմաթիւ մարմիններու որոշ հակակշիռի մը տակ իրար ամբողջացնելով գործելու դրութիւնը: Սակայն, երբ առկայ է «Խորունկ պետութիւն» կամ «Զուգահեր պետութիւն» գործօնները, իշխող համակարգը միայն ձեւակերպութիւն մը կ՛ըլլայ: Նոյնպէս եթէ այդ բազմաթիւ մարմինները կորսնցնեն իրենց հեղինակութիւնը եւ կամայ թէ ակամայ ենթարկուին միայն մէկ ուժին, պետութիւնն ալ կը կորսնցնէ իր հեղինակութիւնը ու կը վերածուի ցեղախումբի պետութեան:

Թուրքիա առանց գիտակցելու ակնկալուած հետեւանքին, նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ծանր ճնշումին պարտադրանքով որդեգրեց նախագահական վարչակարգը: Ըստ երեւոյթին, այս համակարգի տեւողութիւնը սահմանուած պիտի մնայ նոյնինքն Էրտողանի քաղաքական կեանքին հետ: Իր այդ դաշտէն հեռանալէն ետք դժուար թէ գտնուի նման մեծ հեղինակութիւն մը, որ 80 միլիոնանոց բնակչութիւն ունեցող երկրին վրայ գործէ այսքան ինքնիշխան եւ միահեծան եղանակով: Եւ նաեւ դժուար թէ այդ եղանակով գործելու համար ապահովէ հասարակութեան այսքան մեծ համեմատութեան հաւանութիւնը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անգարայի դեսպանատունը 8 Հոկտեմբերին կատարած յայտարարութեամբ՝ դադրեցուց Թուրքիոյ քաղաքացիներուն վիզայի դիմումները: Թուրքիա իր կարգին իսկոյն փոխադարձեց այս որոշումին, Ուաշինկթընի դեսպանատան միջոցաւ: Անշուշտ որ երկու աւագ դեսպանները այս յայտարարութիւնները կատարած են իրենց երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն գիտակցութեամբ եւ թոյլտուութեամբ: Օտար դիտորդներ այս խնդիրը կը մեկնաբանեն ո՛չ թէ հակաթուրք, այլ ուղղակի հակաէրտողան ռազմավարութիւն մը ըլլալով: Եւ անշուշտ առնչութիւն կը ներկայացնեն Թուրքիոյ բանակին հիւսիսային Սուրիան ռմբակոծելու երեւոյթին հետ: «Ռուսաց հետ համաձայնած ենք, իրենք Ըտլիպի շուրջբոլորը պիտի մաքրեն իսկ մենք Ազատ Սուրիոյ բանակին միջոցաւ ներսը», ելոյթը առ այժմ ունեցաւ իր ամենազուսպ հակազդեցութիւնը: Մաղթենք որ համաշխարհային հանրային կարծիքը լսած չըլլայ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետին ելոյթները: Եթէ ան ալ լուրջի առնեն, դեռ ո՞վ գիտէ ինչ հակազդեցութիւններու նշաւակ կը դառնանք:

 

«ԱԿՕՍ»

Նախորդը

Բարի՛ վերամուտ

Յաջորդը

«Իրաւունք»ի Հարցազրոյցը Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Հայազգի Պատգամաւոր Դանիէլ Ղազարեանի Հետ

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?